Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

«Անկախութիւն 25 Ամեակ» Անունով Բանակում Յորդանանի Մէջ

Այս տարի համայն հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան մեր ամենանուիրական տօնը տարբեր միջոցառումներով, այս տօնական միջոցառումներուն անմաս չմնաց նաեւ Յորդանանի Ամմանի Մարզական Միութիւնը, հովանաւորելով սկաուտական յանձնախումբի կազմակերպած  «ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ 25 ԱՄԵԱԿ» անունով բանակումը եւ նուիրելով այս հրաշալի առիթին: Այս մասին կը յայտնեն Ամմանի Մարզական Միութենէն:

Բանակումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 24-26, 2016-ին Ա.Մ.Մ-ի բանակավայրէն ներս, 50 բանակողներու մասնակցութեամբ, բանակումի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձեց Ա.Մ.Մ-ի վարչական ժողովի անդամ ընկ. Յակոբ Յակոբեանը եւ Միութեանս Սկաուտապետ ընկ. Աւետիս Եաղլեանը, որոնց աջակցեցան Ա.Մ.Մ-ի սկաուտական յանձնախումբի անդամները:

Բանակումի ընթացքին սկաուտները կիրարկեցին զուտ սկաուտական աշխատանք, իրենց ստացած գիտելիքները գործադրելով, բանակավայրը միշտ խանդավարելով, յարատեւ աշխատանքով, զանազան կանչերով, երգերով, պարերով ու խարուկահանդէսի պատրաստութեան փորձերով:

Ուրբաթ Օգոստոս 26-ին երեկոյեան ժամը 8-ին ըստ սկաուտական աւանդոյթի, կատարուեցաւ խարուկահանդէս ծնողներու եւ աւելի քան 150 հիւրերու ներկայութեամբ:

Խարուկահանդէսը սկսեցաւ Հայկական եռագոյն, Յորդանանեան ազգային և Ա.Մ.Մ.-ի սկաուտական դրօշակներու հանդիսաւոր արարողութեաբ, որուն յաջորդեց բանակումի ամէնասպասուած պահը աւանդական խարոյկի հրավարութիւնը,ապա բացման խօսք առաւ արաբերէն լեզուով ԱՄՄ-ի ատենապետ Պրն. Յակոբ Սերբէքեան բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն եւ բարձր գնահատելով Յանձնախումբի գործունէութիւնը, ետքը Սկաուտական յանձնախումբի անունով հայերէն լեզուով խօսք առաւ Յանձնախումբի քարտուղարուհի Տիկ. Թալին Յակոբեան շեշտելով հայ սկաուտական գաղաբարի կարեւորութիւնը ազգային կեանքէն ներս: Ապա տեղի ունեցաւ սկաուտներու կատարողութեամբ շքերդ փողիրախումբի հետ միատեղ,ետքը սկաուտները ներկայացուցին գեղեցիկ յայտագիր մը որ պատրաստած էին նախօրօք երեք օրուայ ընթացքին, որ ընթգրկեց երգեր, պարեր հայկական արաբական եւ եւրոպական, նաեւ նուագ(chelo) ,հելահոբ եւ Ռուպիքս քեուպի ներկաեացում, որոնց միջոցաւ իւրաքանչիւր սկաուտ հանդէս եկաւ իր ունեցած ձիռքերով ,որը արժանացաւ ներկաներու մեծ գնահատանքին:

Բանակումի աւարտին իւրաքանչիւր սկաուտ տուն վերադարձաւ գեղեցիկ յուշերով եւ իւրացուած գիտիլիքներով :

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին