Կառավարութեան հերթական նիստի աւարտին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ եւ նշեց, որ հրաժարական կու տայ:
«Անկեղծ, իրատեսական մօտեցումներն իրենց արդիւնքներն ունեցան, սակայն հասարակութիւնը մնաց դեռեւս բեւեռացուած: Հասարակութեան եւ կառավարութեան միասնական ջանքեր են անհաժեշտ: Դրա համար նոր սկիզբ է պէտք, պէտք է մտածել բոլորի յաջողութեան մասին եւ շանս տալ նոր կառավարութեանը»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է վարչապետը:
Յովիկ Աբրահամեան աւելցուցած է, որ հրաժարական կու տայ ՀՀ վարչապետի պաշտօնէն` Հանրապետութեան նախագահին հնարաւորութիւն տալով ձեւաւորելու նոր կառավարութիւն:






