ՀՀ Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ Հանրապետութեան նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականի ընդունումէն ետք` տասնօրեայ ժամկէտի մէջ:
Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետի նշանակումէն ետք` քսանօրեայ ժամկէտի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը կ’ընդունի կառավարութեան հրաժարականը նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստին, Հանրապետութեան նախագահի կողմէ իր պաշտօնը ստանձնելու, կառավարութեան անվստահութիւն յայտնուելու, կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն չտալու, վարչապետի կողմէ հրաժարական ներկայացուելու կամ վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու օրը: Հանրապետութեան նախագահի կողմէ կառավարութեան հրաժարականի ընդունումէ ետք կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
ՀՀ Սահմանադրութեան 74-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ կառավարութիւնը, կազմաւորումէն ետք քսանօրեայ ժամկէտի մէջ, Ազգային ժողով կը ներկայացնէ իր ծրագիրը:
Կառավարութեան ծրագիրին Ազգային ժողովի կողմէ հաւանութիւն տալու հարցը կը քննարկուի արտահերթ եւ քուէարկութեան կը դրուի զայն ներկայացելէն ետք հնգօրեայ ժամկէտի մէջ: Կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն տալու մասին որոշումը կ’ընդունուի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ: