Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի սուրիահայ ուսանողներուն կրթաթոշակի եւ կեցութեան ծախսերուն օժանդակելու նպատակով, Շաբաթ, Օգոստոս 6ին, «Տեսքանզօ» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-պարահանդէս մը, որ յաջողեցաւ աւելի քան 7000 մղոն հեռու՝ իրենց ուսումը շարունակող նշեալ ուսանողներուն համար կրթանպաստներ ապահովել։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Ձեռնարկը սկսաւ համալսարանի երկարամեայ զօրակցող եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային կրթական մարմինի նախկին ատենապետ Ճոզէֆ Սթայնի անգլերէն աղօթքով, իսկ հայերէն աղօթքը մատուցեց հայր Բագրատ Պերճիքեան։
«Հայկազեան»ի հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմնի անդամ դոկտ. Յասմիկ Պարան ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց համալսարանի իրագործումներուն մասին, միաժամանակ դրուատելով համալսարանի տնօրէն վեր. Փօլ Հայտոսեանի, «Հայկազեան»ի շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեանի եւ համալսարանին ի նպաստ աշխատանք տանող այլ շրջանաւարտներու տարած գործունէութիւնը։
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Ռաֆֆի Քենտիրճեան, իսկ ընթացքին ելոյթներ ունեցան «Հայկազեան»ի հոգաբարձութեան ատենապետուհի դոկտ. Անի Տարաքճեան եւ շրջանաւարտներ Հուրի Դաւիթեան ու Սերժ Քիւրտեան։
Սուրիոյ տագնապին պատճառով, ներկայիս «Հայկազեան» համալսարանին մէջ իրենց ուսումը կը շարունակեն մօտաւորապէս 40 սուրիահայ ուսանողներ, որոնց մեծ մասը նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ: Նախորդ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն մէջ կային երեք սուրիահայեր: Ուսանողներուն աջակցելու համար, կարելի է նուիրատուութիւններ ղրկել Armenian Missionary Association of America, 31 W. Century Rd., Paramus, NJ, 07652 հասցէին։