Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Տեղի Պիտի Ունենայ «Շարական» Փառատօն

Տաթեւի վանական համալիրին մէջ Սեպտեմբեր 14-16 առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ «Շարական» փառատօնը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանա ըսած է փառատօնի կազմակերպիչ Music of Armenia-ի հիմնադիր տնօրէն, «Շարական» փառատօնի հիմնադիր Յասմիկ Մովսիսեանը:

Ըստ անոր, «Շարական» փառատօնի նպատակներն են՝ վերաբացայայտել եւ պահպանել հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը, ծանօթացնել այդ ժառանգութիւնը նաեւ օտարազգիներուն,  բացայայտել նոր տաղանդներ, խթանել ազգային, միջազգային եւ միջմշակութային համագործակցութիւնը, կը յայտնէ panorama.am-ը:

«Համոզուած եմ, որ լսարանի մեծ մասը կը լինեն օտարազգիներ, քանի որ Տաթեւում շատ են զբօսաշրջիկները»,- ըսած է ան:

Յ. Մովսիսեանի խօսքով, կը նախատեսուին փառատօնը դարձնել ամենամեայ:

Փառատօնի բացման ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Մլքէեան),  պիտի իրականացուի վարպետութեան դաս Ռոպերթ Մլքէեանի մասնակցութեամբ: Սեպտեմբեր 15-ին ելոյթ պիտի ունենայ  Երեւանի պետական կամերային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար Յարութիւն Թօփիկեան): Սեպտեմբեր 16-ին հանդէս պիտի գայ  Տաթեւի վանական երգչախումբը:

Ասուլիսին ներկայ Հայաստանի կամերային երգչախումբի տնօրէն, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Արաբեանը ըսած է, որ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը պիտի ներկայացնէ միջնադարեան հոգեւոր երաժշտութիւն, Կոմիտաս, ժամանակակից երգահաններու  հոգեւոր ստեղծագործութիւններ:

Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յ. Թօփիկեանը ըսած է, որ իրենց համար շատ կարեւոր է, թէ ուր ելոյթ կ’ունենան, իսկ Տաթեւի վանական համալիրին մէջ ելոյթ ունենալը առաւել ոգեւորող է: Ան նշեց, որ իրենք պիտի ներկայացնեն Կոմիտաս:

Յ. Մովսիսեանի խօսքով, Մայր Աթոռը տեղեակ է փառատօնի մասին, ծանօթացած է նաեւ ծրագիրին, պայման եղած է, որ ծրագիրին մէջ պէտք է հնչէ միայն հայկական հոգեւոր երաժշտութիւն:

Նշենք, որ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ «Տաթեւի վերածնունդ» հիﬓադրաﬕ աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին