*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Իրաքեան Քիւրտիստանի ամէնէն գեղեցիկ քաղաք Տհոքէն ինքնաշարժով կէս ժամ հեռու միայն, կանաչապատ դաշտավայրին մէջ կ’ուրուագծուի Հավրէզ հայկական գիւղը, որ ամբողջովին վերստին կառուցուած է բարերար եւ շինարար Սարգիս Աղաճանեանի կողմէ (նախկին փոխ-վարչապետ եւ տնտեսութեան նախարար տեղական իշխանութեան): Մեր ծանօթութիւնը գիւղապետ Մուրատ Վարդանեանին հետ 2013-ի Մարտ ամիսէն է: Գեղեցկադէմ, առիւծասիրտ, ծագումով Վանի հայ, եղած է Իրաքեան բանակի սպայ ու շուրջ 6 տարիներ մասնակցելով Իրաք-Իրան արիւնալի պատերազմին՝ ձեռք բերած է մեծ փորձ զէնքի ու զինատեսակներու նկատմամբ, որ կը ծանօթացնէ իր ընտանիքի անդամներուն եւ գիւղի համայնքին:
Սակայն այդ անդորրը ամբողջապէս տակն ու վրայ եղաւ, երբ Իսլամական պետութիւն կոչուած ոճրային ահաբեկիչ զինեալներու բանակը, որ ծանօթ է Տաէշ անունով, յարձակեցաւ նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի վրայ: Քրիստոնեայ բազմաթիւ գիւղերու բնակիչներ լքելով իրենց բնակավայրերը փախուստի դիմեցին: Իսկ Հավրէզի մեր առիւծները, հրամանատար Մուրատ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ հիմնեցին ինքնապաշտպանական ջոկատ, իրենք երթալով «անոնց դէմ», ինչպէս որ կը սիրէ ըսել ակնարկելով Տաէշ կոչուած բորենիներու ոհմակին:
Մերօրեայ այս հերոսին հետ մեր հանդիպումները բազմաթիւ են: Իր մասին բազմաթիւ յօդուածներ տպագրեցինք եւ հայրենի «Շանթ» հեռատեսիլի կայանէն ալ յատուկ հաղոդում պատրաստեցինք, նշանաւոր լրագրողներ Արամ Աբրահամեանի եւ Արտյոմ Երկանեանի մասնակցութեամբ:
«Մենք հա՛յ ենք, առիւծներու մէջ ծնած ենք, առիւծներու պէս ալ պիտի նահատակուինք», յայտնեց Հավրէզի գիւղապետ հրամանատարը, երբ Հայաստանէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ ժամանեցինք Արեւմտեան Հայաստանի մօտիկ գտնուող, հայութեամբ բուրող այս բնակավայրը, որ անցեալ դարու 20-ական թուականներուն Լեւոն Փաշա Շառոյեան հիմնադրած է:
Մինչեւ այսօր գրեթէ ամէն շաբաթ հեռախօսային զրոյց կ’ունենանք Մուրատ Վարդանեանին հետ, որ ի վերջոյ «Ֆէյսպուք»ի վրայ ունեցաւ իր էջը, գօտեպնդելու Միջին Արեւելքի հայերը…: «Մենք պատրաստ ենք անմիջապէ՛ս մեկնիլ Արցախ, պաշտպանելու մե՛ր հողը», խիզախաբար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հավրէզի առիւծը…:
Հավրէզ-Պէյրութ