Սեպտեմբեր 7-ի լոյս 8-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 25 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 330 կրակոց:
Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը պահպանած են հրադադարը եւ շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: