Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած է հայերու ու հայկական մշակոյթի մասին պատմող երեխաներու համար նախատեսուած «Որո՞նք են այս հայերը» ճանաչողական գիրքը: Ըստ թրքական Evrensel.net լրատուական կայքին` գիրք-ձեռնարկը պատրաստուած է Լոնտոնի Հայկական հիմնարկի (The Armenian Institute) տնօրէն Սուսան Փոլ Փաթթիի, Գագիկ Ստեփան-Սարգսեանի եւ Մարալ Քերովբեանի կողմէ:
Ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ երեխաներու համար նախատեսուած այս ձեռնարկին տպագրութիւնը կարեւոր է յատկապէս Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ հայերու, յոյներու ու քիւրտերու նկատմամբ սերմանուող բացասական վերաբերմունքը փոխելու տեսանկիւնէ:
Յօդուածին հեղինակը յոյս յայտնած է, որ գիրքը դպրոցականներու մէջ բաւական տարածուելու պարագային կրնայ նպաստել 2 ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան:
Թրքերէնով հրատարակուած գիրքը տեղեկութիւններ կու տայ հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայերէնի, հայկական երաժշտութեան, կրօնական աւանդոյթներու ու սովորոյթներու, հայկական խոհանոցի, ժողովրդական պարերու, ազգային հագուստներու, առածներու, բանաստեղծութեան, խաղերու մասին: Տեղեկութիւնները աւելի հետաքրքրական դարձնելու նպատակող օգտագործուած են բազմաթիւ թեմատիկ նկարներ ու լուսանկարներ: