«Արարատեան բակալաւրիատ» հայալեզու կրթական ծրագիրը, որ կեանքի կոչուած է Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրի (ԿԳԱԾ) ծիրին մէջ, աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ Հայաստանի մէջ յանձնել քննութիւն եւ անոնց արդիւնքներով այնուհետեւ ուսանիլ արտասահմանեան լաւագոյն բարձրագոյն ուսումնական կառոյցներուն մէջ:
Արեգ Կարապետեան մէկն է այն 35 աշակերտներէն, որոնք «Արարատեան բակալաւրիատ» ծրագիրով յանձնած են միջազգայնօրէն ճանաչելի քննութիւնները, զորս կազմակերպած էր «Այբ» դպրոցը, որ յառաջիկային ծրագիրին ծիրը ընդարձակելով, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համադրաբար պիտի փորձէ այս դրութիւնը հասանելի դարձնել բոլոր աշակերտներուն համար:
Արեգ Կարապետեան նշած է, որ ինք յանձնած է քննութիւններուն մէկ մասը, քանի որ տակաւին 12-րդ դասարան է, սակայն գոհ չէ քննութեան արդիւնքներէն, այդ պատճառով ալ պիտի դիմէ երկրորդ փուլին եւս, որպէսզի կարենայ ուսման անհրաժեշտ նիշերը ապահովել: «Կ՛ուզեմ ծրագրաւորման կամ ճարտարագիտական մարզերուն մէջ երկրէն դուրս շարունակել ուսումս: Այս քննութեան դրական կողմը այն է, որ մենք այստեղ հայերէնով կու տանք միջազգայնօրէն ճանաչելի քննութիւն եւ յետոյ ազատօրէն կրնանք դուրսը այս կամ այն համալսարաններէն մէկուն մէջ սորվիլ: Քննութիւնները դիւրին չեն. եթէ հանրակրթական դպրոցին մէջ 1 քննութիւն կու տաս, այստեղ 1 դասանիւթի համար 4-5 քննութիւն կու տաս», յայտնած է Կարապետեան:
Ըստ անոր, թէեւ քննութիւնները դժուար են, սակայն անոնց պատրաստուելով, աշխարհայեացքդ կ՛ընդարձակուի, միեւնոյն նիւթին տարբեր տեսանկիւններէ մօտենալու կարելիութիւն կ՛ունենաս:
Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրի տնօրէն Մեսրոպ քհնյ. Արամեան 6 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Արարատեան բակալաւրիատ» ծրագիրի միջազգային ճանաչման աշխատանքը իրականացուցած է Բրիտանիոյ ճանաչման եւ համեմատութեան ազգային գործակալութիւնը: Քննութիւններուն արդիւնքներով, ըստ տէր Մեսրոպի, Հայաստանի աշակերտները կարելիութիւն պիտի ունենան ուսանելու Քեմպրիճի եւ Օքսֆորտի մէջ:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կայ այլընտրանքային ծրագիր, որ բաւական բարձր մակարդակի է: «Երբ կ’ըսենք, որ կրթական համակարգը պէտք է համապատասխանէ միջազգային որակին, կարեւոր է, որ ատիկա ձեւական չընենք, այլ ձեւաւորենք կրթական արդիւնք, որուն բոլոր փուլերը կարենանք մատուցել: Այսինքն` եթէ ունենայինք «Արարատեան բակալաւրիատ» ծրագիրը` առանց իրականացնող կրթական համակարգի մը, ինչ որ օղակ մը պիտի չաշխատէր», -ըսած է նախարարը:
Ան նաեւ նշած է, որ շատերու մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, որ ասիկա ազնուականներու ծրագիր է, բայց այդպէս չէ, եւ նախարարութիւնը «Այբ»ին հետ համադրաբար յառաջիկային ծրագիր պիտի մշակէ, որպէսզի դպրոցները ներկայանան «Արարատեան բակալաւրիատ»-ին: Մկրտչեան աւելցուցած է նաեւ, թէ յոյս ունի, որ 1-2 տարուան ընթացքին «Արարատեան բակալաւրիատ»-ը հասանելի կ’ըլլայ Հայաստանի բոլոր մարզերու դպրոցներու աշակերտներուն:
Ըստ «Այբ»ի տնօրէն Արամ Փախչանեանի, այս ծրագիրով յանձնուած քննութիւնները ո՛չ միայն կը փորձեն ստուգել երեխային գիտելիքները, այլ նաեւ ներդաշնակութիւն կը ստեղծուի ուսուցման ընթացքին մէջ: