Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Զօր. Քահուաժիի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Կատարուած Իրողութիւ՞ն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հակառակ Լիբանանի մէջ ամէն խօսուածներուն եւ վերապահութիւններուն ու քաղաքական բարձրաձայն վէճերուն՝ ինչ կը վերաբերի Լիբանանեան Բանակի Հրամանատար Զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան, ըստ երեւոյթին ան պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ:

Համեստաբար կը կարծեմ, որ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել շուտով պիտի ստորագրէ Զօր. Ժան Քահուաժիի  պաշտօնավարութեան երկարաձգման հրամանագիրը, որ ըստ օրինի Նախարարաց Ժողովի նիստ ալ չի պահանջեր…:

Կը մնայ Ազգային Ազատ Հոսանքի բարձրացուցած ձայնը՝ դէմ դնելու այս երկարաձգման, որ շատ հաւանաբար պիտի շարունակէ մնալ լրատուութեան նիւթ՝ առանց հասնելու իր նպատակին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին