Արցախ մեկնած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներու ուղեկցութեամբ այցելած է ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի N զօրամաս, ուր հանդիպում ունեցած է հրամանատարական կազմին եւ զինուորներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Զօրամասին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու ԳՀԽ անդամները դիմաւորած է եւ բարիգալստեան խօսքով ողջունած՝ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարար զօրավար-հրամանատար Լեւոն Մնացականեան:
Այնուհետեւ շարուած զօրքին իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
«Պահպանիչ» աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը բերած է զինուորներուն, ուրախութիւն յայտնելով Արցախ իր այցի ծիրէն ներս՝ ՊԲ զինուորներուն եւ զօրահրամանատարներուն հետ հանդիպման հնարաւորութեան համար: «Եկած ենք մեր գնահատանքը եւ սէրը արտայայտելու ձեզ, նաեւ բերելու ձեզ մեր խոնարհումը ձեր իրագործած սխրանքներու համար, որոնց մենք ականատես դարձանք Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, թէ ինչպիսի քաջազունութեամբ դուք կասեցուցիք ազրպէյճանական զօրքերու յարձակումը, ետ շպրտեցիք անոնց մեր սահմաններէն: Մեր խոնարհումը կը բերենք քաջարի զինուորներուն` մեր ազգի հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքով այդ օրերուն պաշտպանեցին մեր Հայրենիքը: Թող երկինքէն միշտ լոյս եւ օրհնութիւն իջնէ անոնց շիրիմներուն: ․․․Փա՛ռք ձեզ, հայոց բանակի քաջարի մարտիկներ: Վերստին փառք ձեր ընկերներուն, որոնք կը հանգչին Արցախի եւ Հայաստանի նուիրական ու սուրբ հողի մէջ», ըսած է Գարեգին Բ Կաթողիկոսը:
Նշելով, որ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը սրբազան ծառայութիւն է ազգի իւրաքանչիւր զաւակին համար` Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարած է հաւատքի զօրացումը: «Հաւատքով է, որ մեր ժողովուրդը տարած է իր պատմութեան բոլոր յաղթանակները՝ Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ: Արցախի Ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեր զինուորներուն մօտ մենք տեսանք այդ զօրեղ հաւատքի ճառագումը:
․․․Շնորհիւ յաղթական ոգու եւ հաւատքի, մեր զինուորները կրցան յաղթական ելլել այդ պատերազմէն:
Սիրելիներ, այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ այստեղ ունինք նուիրական սրբութիւններ` դարերով կերտուած հաւատաւոր մեր զաւակներուն կողմէ: Այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ այստեղ հեղուած է քրտինքը եւ նաեւ արիւնը մեր պատուական զաւակներուն եւ մեր նախնիներուն: Այսօր դուք էք պաշտպանները այս նուիրական Հայրենիքի: Այս սահմանները պէտք է անառիկ պահել` նուիրումով, հաւատքով եւ խիզախ հերոսական ոգիով, որ կը կրէք ձեր անձերուն մէջ», աւելցուցած է Վեհափառ Հայրապետը։
«Դուք մշտապէս մեր աղօթքներու մէջ էք, մենք կը սիրենք ձեզի: Ձեզի կը սիրէ ազգի իւրաքանչիւր զաւակ թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի հեռաւոր ափերու վրայ: Մեր ազգը իր սիրով ու ոգիով, իր կարելիութիւններու ընծայաբերումներով եւ յանձնառութիւններով, միշտ ձեր կողքին է: Ձեզ հետ է նաեւ մեր Եկեղեցին իր հնարաւորութիւններով ու կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ իր սպասաւորներով», ընդգծած է Գարեգին Բ Հայրապետը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցած է Բարձրեալին, որ միշտ յաղթական ըլլայ հայ զինուորին բազուկը, եւ Աստուած անվտանգ ու բոլոր փորձութիւններէ հեռու պահէ երիտասարդները, որպէսզի փառքով եւ պատիւով աւարտելով իրենց ծառայութիւնը, վերադառնան իրենց ընտանիքներ` ուրախութիւն պարգեւելով իրենց ծնողներուն եւ ողջ ժողովուրդին: Նորին Սրբութիւնը մաղթած է, որ Տէրը իւրաքանչիւր զինուորի կեանքին ընթացքը զարդարէ յաջողութիւններով ու յաղթանակներով, որպէսզի միշտ շէն ըլլայ Հայոց աշխարհը, հզօր` Հայոց բանակը եւ հայ ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ ապրի ու կերտէ իր բարօր կեանքը:
Աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները զրուցած են զինուորներուն հետ: