Իրանի Սպահան քաղաքի հայկական Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցին ներառուած է Իրանի այն տեսարժան վայրերու ցանկին մէջ, որոնք պարտադիր են բրիտանացի զբօսաշրջիկներու այցելութեան համար: Ըստ PanArmenian.Net-ի` ցանկը կազմած է բրիտանական International Business Times-ը:
Պարբերականը կազմած է Իրանի մէջ 30 ամենահետաքրքիր վայրերու ցանկը այն հարցէն ետք, երբ բրիտանական ազգային օդանաւային փոխադրողը կրկին սկսաւ ուղիղ կանոնաւոր չուերթներ իրականացնել Լոնտոնէն Թեհրան:
Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցին կամ Վանքը Ջուղայի գլխաւոր տեսարժան վայրն է: Այն կառուցուած է 1600-ական թուականներուն:
Վանքի շինարարութիւնը սկսած է 1606թ. եւ աւարտած 1655-1664թթ. Դաւիթ արքեպիսկոպոսի ղեկավարութեամբ:
Համալիրը բաղկացած է մեծ եկեղեցիէ, քանի մը թանգարանէ, պատերով պարփակուած ներքին բակէ: Հայկական վանքին մէջ նկատելի են արեւելեան եւ քրիստոնէական մշակոյթներու տարրեր: Դուրսէն ատիկա միագոյն աղիւսաշէն կառոյց է գմբէթներով եւ կամարներով, ներսէն`գեղանկարչութեան իւրօրինակ թանգարան: Բոլոր պատերն ու առաստաղները նկարազարդուած են քրիստոնէական որմնանկարներով, սրբապատկերներով եւ արեւելեան նախշերով: Վանքի մուտքին մօտ տեղադրուած է արքեպիսկոպոս, XVI- XVII դարասկիզբի հոգեւոր եւ կրթական գործիչ Խաչատուր Կեսարացիի յուշարձանը:
Վանքէն բացի, ցուցակին մէջ ընդգրկուած են Տէմաւենտ լեռը, Սպահանի շուկան, Ալի Գապու պալատը, Սպահանի Ալլահուերտի խանի կամուրջը, Փերսեփոլիսը, Կոլեստանի պալատը Թեհրանի մէջ, Զակրոսի լեռնաշղթան եւ այլ տեսարժան վայրեր:
British Airways-ը շաբաթական 6 չուերթ կ’իրականացնէ դէպի Իրան, յետագային ատոնց քանակը կ’աւելնայ:
2016-ի սկիզբը ԱՄՆ-ն չեղարկեց Իրանի դէմ գործող պատժամիջոցները: Իրան ստացաւ իր սառեցուած աւելի քան 100 մլր տոլար գումարները եւ աւելցուց նաւթի արտահանումը:
Յուլիսին առանց մուտքի արտօնագիրներու կարգ սահմանուեցաւ Իրանի եւ ՀՀ քաղաքացիներու համար: