Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

ՊՊԾ Գունդը Գրաւելու Գործով Կայ 60 Մեղադրեալ, Որոնցմէ 50-ը Կալանաւորուած է. ՅՔԾ-ն Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ

ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) մէջ կը շարունակուի զինուած խումբին կողմէ 2016 թուականի Յուլիս 17-ին ՀՀ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պարեկապահակետային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի վարչական շէնքերն ու յարակից տարածքը զաւթելու եւ պահելու դէպքի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 219-րդ եւ 235-րդ յօդուածներով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

ՅՔԾ-էն կը յայտնեն, որ քրէական գործին միացուած են նաեւ ՀՀ ՊՆ N զօրամասի դասակի հրամանատար Վ.Գ.-ի կողմէ մարտական հերթապահութեան կանոնները խախտելու եւ ռազմամթերքի յափշտակութեան դէպքի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 238-րդ եւ 365-րդ յօդուածներու յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործը, ինչպէս նաեւ սոյն թուականի Յուլիս 29-ին ՀՀ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պարեկապահակետային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքէն արձակուած կրակոցներով Երեւանի Սարի Թաղ թաղամասին մէջ ծառայութիւն իրականացնող ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու հրաձիգ Փ. Մնացականեանի առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու ոստիկանութեան շարք մը փոխադրամիջոցները դիտաւորութեամբ վնասելու դէպքերու առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 112-րդ եւ 185-րդ յօդուածներու յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործերը:

Քրէական գործով, իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւուած են 60 անձինք:

Նախաքննութեան այս փուլին պարզուած է, որ յանցագործութիւններէն տուժած են 46 անձիք: Տուժած է ՀՀ ոստիկանութիւնը, ինչպէս նաեւ 2 իրաւաբանական անձիք («Համակցուած կերերի գործարան» ՓԲԸ, «Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ բանկ» ՓԲԸ), մնացածը` ֆիզիկական անձիք են: Յանցագործութիւններէն տուժած ֆիզիկական անձերէն 26-ը ոստիկանութեան աշխատակիցներ են, 17-ը` քաղաքացիներ:

Տուժած ոստիկաններէն 3-ը ապօրինաբար կեանքէն զրկուած ծառայողներն են (Ա.Վանոյեան, Եու.Տեփանոսեան, Գ.Մկրտչեան), 10-ը տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ պատանդառուածներ, 7-ը տարբեր աստիճանի հրազէնային վնասուածքներ ստացածներ, 2-ը տուժած են կեանքի համար վտանգաւոր բռնութեան փորձի հետեւանքով, 4 ոստիկան տուժած են անձնական գոյքի յափշտակութիւններու արդիւնքով:

Տուժած քաղաքացիներէն 7-ը տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ պատանդառուած բուժ. աշխատողներն են, 10-ը տուժած են գոյքի դիտաւորեալ ոչնչացում եւ գոյքի յափշտակութիւն կատարելու արդիւնքով:

Քննութեամբ պարզուած է, որ զինուած անձերու խումբը 2016 թուականի Յուլիս 17-ին ՀՀ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պարեկապահակետային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածք հասած է երթեւեկութեան չորս միջոցներով, երկուքը «Ֆորտ տրանզիթ», մէկը «Մերսետես Պենզ» եւ մէկը «Կռազ» մակնիշի: Բոլոր փոխադրամիջոցները յայտնաբերուած են, կատարուած են անոնց առնչուող համապատասխան քննչական գործողութիւններ:

Ճշտուած է նաեւ, որ ապօրինաբար կրուող ինքնաձիգներէն երկուքը ՀՀ ոստիկանութեան եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան քարտադարաններուն մէջ հաշուառուած են իբրեւ նախկին տարիներէն փնտռուող: Այս եւ զինեալներուն միւս 12 ինքնաձիգ-հրազէններու ձեռք բերման աղբիւրները պարզելու ուղղութեամբ քննչական գործողութիւնները կը շարունակուին:

6 Սեպտեմբեր 2016-ի դրութեամբ քրէական գործով կատարուած են բազմաթիւ քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ, որոնց շարքին` 500-է աւելի հարցաքննութիւններ (վկաներու, տուժողներու, մեղադրեալներու), քննչական փորձարարութիւն եւ դէպքի վայրի մանրամասն զննութիւններ, նշանակուած են 101 փորձաքննութիւններ (դատաբժշկական, ապրանքագիտական, հրդեհատեխնիկական, դատագենետիկական, դատաձգաբանական, դատաքիմիական, դատակենսաբանական, դատահամակարգչային, դատափաստաթղթաբանական, դատանիւթագիտական եւ այլն), 38 անձերէ առնուած են նոյնականացման համար փորձաքննութեան տրամադրուող նմուշներ, կատարուած են 151 խուզարկութիւններ, 60 առգրաւումներ, 78 զննութիւններ, դատարանի համապատասխան որոշումներու հիման վրայ արձանագրուած են հեռախօսային զանգերու բազմաթիւ վերծանումներ, պահանջուած են դրամատնային գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ, կատարուած են շարք մը այլ քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, ընթացքին վերաբերեալ պարբերաբար պիտի տրամադրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին