Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կվիրիկաշվիլին Սեպտեմբեր 5-ին, պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վրաստանի իր գործընկերը դիմաւորած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
ՀՀ կառավարութենէն կը յայտնեն, որ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կվիրիկաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: