Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ գտնուած է հիմնանորոգուած Երեւանի Պ.Ի. Չայկովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի բացման արարողութեան, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ երաժշտական դպրոցի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է նորաբաց դպրոցին մէջ, ծանօթացած ուսումնառութեան պայմաններուն, զրուցած դպրոցի ուսուցիչներու ու սաներու հետ, որմէ ետք հիմնանորոգուած դահլիճին մէջ ունկնդրած է տարբեր միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու դափնեկիր` դպրոցի տաղանդաւոր աշակերտներու կատարումները:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ արեւելեան ափի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ իրականացուած լայնածաւալ աշխատանքներու աւարտէն ետք կրթօճախի բացման առիթով ելոյթներ ունեցած են դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեանը, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ հիմնադրամի ԱՄՆ արեւելեան ափի ատենապետ Խորէն Բանդազեանը, որոնք գոհունակութեամբ նշած են, որ հիմնանորոգման շնորհիւ նոր աստիճանի բարձրացած է դպրոցի կարգավիճակը, եւ այժմ հնարաւորութիւն կայ կազմակերպելու նաեւ հանրապետութեան հեռաւոր շրջաններէն, Արցախէն, արտերկրէն շնորհալի, տաղանդաւոր երեխաներու ուսումը դպրոցին մէջ` կատարելագործելով ուսումնական գործընթացն ու հասնելով նոր նուաճումներու:
Հիմնանորոգուած կրթօճախին մէջ այսօր կը սորվին աւելի քան 600 աշակերտներ, որոնք բարձրակարգ երաժշտական կրթութեան զուգահեռ կը ստանան հանրակրթական կրթութիւն: