Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր` Սեպտեմբեր 5-ին, ընդունած է բարերար Արթուր Վարժապետեանը եւ անոր հետ քննարկած Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
ԼՂՀ նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ ընկերա-տնտեսական կարեւորագոյն խնդիրներու իրականացման գործին մէջ հայրենիքին ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ ի նշանաւորումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին` Բակօ Սահակեանն Արթուր Վարժապետեանին յանձնած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան եւ Արթուր Վարժապետեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած են ԼՂՀ շարք մը պետական կառոյցներու` բարերարին կողմէ նուիրաբերուած ինքնաշարժներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ եղած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձիք: