Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Քաղաքականութեան Մէջ Պատիւ Չկայ… Այսքան ոճիրներէ, արիւնէ, կոտորածներէ եւ ասպատակութիւններէ ետք՝ Մեծ տէրութիւններ կը մրցին դարպասելու Էրտողանն ու Թուրքիան…»

 *ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Գաղտնիք յայտնած չենք ըլլար ըսելով, որ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող ահաւոր ոճրագործութիւններու, կոտորածներու, ցեղասպանութեանց եւ ամէնէն կեղտոտ յանցագործութիւններու գլուխը Էրտողանեան Թուրքիան է: Աւելին՝ արեւմտեան Եւրոպան գաղթականներով ողողող, հոն ահաբեկչական զազրելի գործողութիւններ կազմակերպող ծայրայեղականներու գլխաւոր նեցուկը դարձեալ Անգարան է: Թուրքիոյ մէջ զինուորական կեղծ յեղաշրջման թատերգութիւնը (որուն համար 2016-ի Հոլիվուտի «Օսքար»ներու պիտի արժանանայ…) Էրտողանը եւ իր արիւնարբու դահիճներն են, ոտնակոխելու մարդկային իրաւունքներու ամէն միջազգային համաձայնագիր՝ իր իսկ բանակն ու ժողովրդավարական ուժերը տանջամահ ընելու, զնտաններ նետելու սադայէլական մարմաջով:

Աւելին՝ ռուսական «Սու-24» ռազմական ինքնաթիռի վար առնելէն եւ օդաչուին սպանութենէն ետք՝ թիւրքմէն գործակալներու ձեռամբ, քիչ մնաց որ կատղած Փութին, հիւլէական ջրածնային ռմբակծութեամբ «ռատիօաքթիւ» մոխիրներու վերածէր Անգարան…:

Յանկարծ սակայն, առանց խպնելու Էրտողան «բեմականացած» երես թեքեց Արեւմուտքին եւ իր գլխաւոր հովանաւոր «ՆԱԹՕ»ական ԱՄՆ-ին, «Սու-24»ի վար առնելուն համար ներողութիւն խնդրելով եւ հանդիպելով Ռուսիոյ նախագահ Փութինին հետ Մոսկուայի մէջ: Անմիջապէս երկու երկիրներու հեռատեսիլի կայաններէն սփռուեցան՝ 1920-24 թուականներուն Լենին-Վորոշիլով-Թրոցքի-Աթաթուրք «եղբայրութեան» պանծալի օրերու դրուագները, որ ինչպէս գիտենք, 1935-ին աւարտեցաւ աթաթուրքեան հանրապետութեան վտանգաւոր ուխտով նացիական Գերմանիոյ հետ, ապա եւ Սթալինկրատի հերոսամարտի օրերուն, շուրջ 1 միլիոն թուրք «մէհմետչիկ»ներու Թուրքիոյ արեւելեան սահմանին վրայ գիշեր-ցերեկ ապարդիւն սպասումը՝ Հայաստան ներխուժելու:

Սթալին այս բոլորին վրէժխնդիր եղաւ հազարաւոր թաթարներու եւ թրքազգի ժողովուրդներու գնդակահարութեան եւ զանգուածային աքսորով, յետ Բ. Աշխարհամարտին եւ Թուրքիան բռնազաւթելու, Արեւմտեան Հայաստանը փաստօրէն ազատագրելու համար հրասայլային շարասիւներ տեղակայեց Խ. Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմանին վրայ, Անտոն Քոչինեանն ալ նշանակելով… Կարսի ապագայ քաղաքապետ…:

Թրումէնեան հիւլէական զէնք գործածելու սպառնալիքով է միայն, որ Սթալին ետ կեցաւ Թուրքիան բզքտելէ, որով Խ. Միութիւնը մի քանի տարի աւելի ուշ ձեռք բերաւ այդ ահարկու ռումբը, հայազգի Աբրահամ Ալիխանեանի եւ հետախոյզ Հայկ Պատալի Յովակիմեանի անձնազոհ ջանքերով…:

Այս բոլորը երեւի չյուշեցին Ռուսիոյ նախագահին, որ ռազմաքաղաքական զանազան նկատառումներէ ելլելով, անմիջապէս մոռացութեան տուաւ այն՝ ինչ որ պատահած էր մօտիկ ժամանակներս, աւելին՝ հազարաւոր ռուս զբօսաշրջիկներու արտօնեց, որ դարձեալ ողողեն սնանկացած Թուրքիոյ ծովափները: Կարծէք թէ ուղղափառ եւ պատմական դաշնակից Յունաստանի եւ Կիպրոսի չքնա՜ղ ծովափները բաւարար չէին ռուս գեղուհներուն համար, որ արեւի լոգանք ստանային արիւն ու ոճիր բուրող էրտողանեան պետութեան ողորմութեան տակ:

«Հերթ»ը ԱՄՆ-ի փոխ նախագահ Ճօ Պայտընինն էր, որ անմիջապէս Անգարայի ոճրապետին ձեռքը սեղմեց, վաճառքի հանեց միլիոնաւոր երէկի «դաշնակից» քիւրտերը եւ անոնց նկատմամբ անպատմելի խժդժութիւնները, նաեւ հարեւան երկիրը զաւթելու իրաւունքը «բաշխեց» Էրտողանի թիւրքմէն ջարդարարներուն: Առայժմ յայտնի չէ, թէ այս ոճիրներուն շարքը ո՞ւր պիտի հասնի եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի ապագան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին