Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայկական կաթոլիկ եկեղեցին պիտի վերակառուցուի: Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» թերթը:
Անցեալ տարի Սուրի մէջ տեղի ունեցած երկարատեւ զինուած բախումներու ընթացքին՝ հայկական կաթոլիկ եկեղեցին լրջօրէն վնասուած էր, հասարակական կայքերու մէջ տարածուած լուսանկարներով կ’երեւէր, որ կառոյցը գրեթէ կիսաքանդ վիճակի մէջ է:
Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը Սուրի մէջ գտնուող եւ բախումներէն տուժած 11 պատմական կառոյցի համար մշակած է վերականգնման աշխատանքներու ծրագիր: Նախագիծին ծիրէն ներս՝ կը ծրագրուի նաեւ հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ վերակառուցումը, որուն աւարտը նախատեսուած է 2018-ին: Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները պիտի ղեկավարէ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը, որուն ներկայիս կը պատկանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը:
եկեղեցւոյ տարածքին արդէն սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները, տարածքը կը մաքրուի եւ կը բարեկարգուի:
2013-ին եւս Սուրի հայկական եկեղեցին վերանորոգուած էր, որմէ ետք կ’օգտագործուէր իբրեւ գորգերու արհեստանոց: Խօսակցութիւններ կան, որ այս անգամ վերակառուցումէն ետք կառոյցը կրկին կրնայ վերածուիլ եկեղեցւոյ: