Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Վարդենիս-Մարտակերտ Մայրուղիի Կառուցման Տրամադրուած է 1,2 Միլիառ Դրամ

ՀՀ կառավարութիւնը Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներու իրականացման նպատակով ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան յատկացուց 1,2 միլիառ դրամ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-­ը, ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան նշած է, որ գումարը նուիրաբերութեամբ պիտի տրամադրուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Միջոցները ուղղուեցան կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն:

Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումը կ’իրականացուի միաժամանակ հինգ ճանապարհաշինարարական կազմակերպութիւններու կողմէ` 12 տեղամասով: Նախապէս դժուարանցանելի շուրջ 116 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհը ունի 10 եւ աւելի մեթր լայնութիւն, որմէ 7 մեթրը պիտի կազմէ ասֆալտապատ երթեւեկելի հատուածը: Նախորդ տարուայ ընթացքին կառուցուած են արհեստական կառուցուածքներ՝ ջրահեռացման խողովակներ, ափապաշտպան կառոյցներ, յենապատեր ու եզրաքարեր, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած են 17 մեծ ու փոքր կամուրջներ: Մայրուղիի շինարարական աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտին հասցնել այս տարուայ տարեվերջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին