Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Սպասենք Եւ Տեսնենք…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հետաքրքրական լռութիւն մը կը տիրէ Լիբանանի սուրիամէտ քաղաքական կողմերուն մօտ՝ ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին արձակուած ամբաստանական վճիռին, որ սուրիական գաղտնի սպասարկութիւնները կը մեղադրէր 3 տարիներ առաջ՝ Թրիփոլիի երկու մզկիթներու ոճրային պայթումները գործադրելու յանցանքով:

Բացի նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէէն (որ մեղադրեց գործադրողները՝ շատ հաւանաբար տեղական անձնական կամ ընտրական հաշիւներով), 8 Մարտի միւս բոլոր կողմերը այս լուրին հետ վերաբերեցան այնպէս՝ կարծէք թէ նման վճիռ մը չէ արձակուած: Խուլի նոյն վերաբերմունքը ունեցան նաեւ՝ այդ կողմին պատկանող լրատուական միջոցները, որոնք անշուշտ պիտի չլռէին եթէ այլ կողմ մը մեղադրուէր…:

Ինչ կը վերաբերի արդարադատութեան հրաժարած նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի պահանջքին՝ վտարելու Սուրիոյ դեսպանը, որ նման պարագաներու համար աւելի քան բնական երեւոյթ է աշխարհով մէկ, կը մնայ հարց տալ, որ Լիբանանի պարագային լո՞ւրջ է այդ մէկը, թէ ան կը պատահի՝ կէտեր արձանագրելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ, գետնի վրայ սիւննիական ժողովրդականութիւն ապահովելու՝ Ռիֆիի անոր հետ մրցակցութեան մէջ…:

Ամէն պարագայի նման վտարումի մը իրագործումը շատ անհաւանական կը թուի ինծի, եթէ նկատի ունենանք Լիբանանեան ներքին դրուածքը…:

Սպասենք եւ տեսնենք:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին