Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Արցախի 25-րդ Տարեդարձին Առիթով Բակօ Սահակեան Պետական Պարգեւներ Եւ Պատուաւոր Կոչումներ Շնորհած Է

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին առիթով՝ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ պետական պարգեւներով պարգեւատրելու եւ պատուաւոր կոչումներ շնորհելու մասին:

Համաձայն հրամանագիրներուն` ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելուն եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 7 հոգի, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով` 1 հոգի, «Արիութեան համար» մետալով` 9 հոգի, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով` 267 հոգի, որմէ 1-ը` յետմահու:

Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի  խումբ մը պետական, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի աշխոյժ մասնակիցներ, ազատամարտիկներ, դիւանագէտներ եւ բարերարներ պարգեւատրուած են` «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով` 8 հոգի, որմէ 1-ը` յետմահու, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` 18 հոգի, «Մխիթար Գոշ» մետալով` 11 հոգի,«Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով` 16 հոգի, «Անանիա Շիրակացի» մետալով` 12 հոգի,«Երախտագիտութիւն» մետալով` 78 հոգի եւ 4 կազմակերպութիւն:

Գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի, առողջապահութեան եւ տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար  խումբ մը անձանց շնորհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուաւոր կոչումներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին