Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ԼՂՀ Հռչակման 25-րդ Տարեդարձը

ԼՂՀ հռչակման 25-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներուն շարքը  սկսած էր առաւօտ կանուխ:

2

«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` մայրաքաղաքին մէջ առաւօտեան սկսաւ մարդոց հոսքը դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրուեցան Յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին: Տօնի առիթով Արցախ ժամանած են բազմաթիւ հիւրեր տարբեր երկիրներէ:

15

Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի պետական եւ զինուորական բարձաստիճան այրեր եւ ժողովուրդի բազմութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ոտքով այցելեցին քաղաքային յուշահամալիր:

14

Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին քաղաքային յուշահամալիրի մէջ եւ հարեւանութեամբ գտնուող Արցախեան ազատամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:

Նշենք, որ երէկ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ կազմակերպուեցան բազմաբնոյթ տօնական ձեռնարկներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կայացաւ տօնական համերգ, որ աւարտեցաւ հրավառութեամբ:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին