Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով: ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ շնորհաւորական ուղերձով ըսուած է.
«Սիրելի՛ դպրոցականներ եւ ուսանողներ, ուսուցիչներ ու ծնողներ,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Սեպտեմբեր 1-ի` Գիտելիքի օրուան առիթով:
Եթէ նախապէս կարեւոր էր կրթութիւն քարոզելը, 21-րդ դարուն, սակայն, այլեւս ատոր ոչ ոք կը կասկածի: Գիտելիքը դարձած է աշխարհի ամենահզօր զէնքն ու գործիքը իւրաքանչիւր անհատի եւ հասարակութեան համար: Հայաստանի մէջ ատոր գիտակցութիւնը կայ: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպիսի պատրաստակամութեամբ եւ նուիրումով ծնողները իրենց երեխաներուն համար կը փնտռեն լաւ կրթութեան ուղիներ:
Մենք հետեւողականօրէն կը կատարելագործենք մեր կրթական համակարգը: Մենք նաեւ գիտենք, որ թէ՛ դպրոցներու, թէ՛ համալսարաններու մէջ ունինք խնդիրներ, որոնք ունին լուծման կարիք: Այդ խնդիրները կը վերաբերին յատկապէս կրթութեան մակարդակին, որմէ մենք գոհ չենք: Մենք գոհ չենք ոչ միայն այն պատճառով, որ կատարելութիւնը սահման չունի, այլեւ այն պատճառով, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ զարգացման քայլերը կտրուկ կերպով մեծցած են: Մենք պարտաւոր ենք շարժիլ աշխարհին համաքայլ: Մենք պարտաւոր ենք նաեւ արագացնել կրթութեան զարգացման քայլերը:
Մեր խնդիրն է նաեւ լաւ կրթութիւնը դարձնել մատչելի բոլորին համար: Ոչ մէկ երիտասարդ պէտք է կորսնցնէ որակեալ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը ոչ վճարունակ ըլլալուն պատճառով:
Դատելով միջազգային մրցոյթներու մէջ մեր դպրոցականներուն արդիւնքներէն` մեր դպրոցին ցուցանիշները վատ չեն: Մեր դպրոցը մրցունակ է, բայց չպէտք է բաւարարուիլ եղածով, ուստի անհրաժեշտ է տարուէ տարի բարձրացնել մեր պահանջներուն նշաձողը: Հակառակ պարագային մենք շատ ետ կը մնանք զարգացող աշխարհէն:
Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորդ՝ Գիտելիքի օրուան առիթով: Կը մաղթեմ յաջողութիւններով լի ուսումնական տարի»: