Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Էջմիածինի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կրթութեան Ոլորտի Աշխատողներու Օրհնութեան Արարողութիւն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է կրթութեան ոլորտի աշխատողներու օրհնութեան արարողութիւն: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Արարողութեան ներրկայ եղած է նաեւ ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

«Սա շատ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն է: Տարիներ շարունակ կրթական ոլորտում աշխատող անձիք օրհնութիւն են ստանում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում: Սա եւս մէկ առիթ է, որ կրթութեան դաշտում գործունէութիւն իրականացնող իւրաքանչիւր անձ յիշի իր առաքելութիւնը: Յուսամ` յաջողակ եւ խաղաղ տարի կը լինի բոլորիս համար»,- նշած է ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Տէր Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեանը: Ան ընդգծած է, որ բարձր հոգեւոր արժէքներ ունեցող անհատներէն բաղկացած հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ շատ կարեւոր է դաստիարակութեան եւ կրթութեան դերը, որ կը պատկանի կրթութեան մշակներուն` ուսուցիչներուն:

Ողջոյնի խօսքէն ետք տեղի ունեցած է օրհնութեան արարողութիւնը: Հնչած են  հոգեւոր երգեր:

«Իւրաքանչիւրիս համար սեպտեմբերի մէկի նախօրէն իւրայատուկ էր: Բոլորս էլ յիշում ենք մեր առաջին քայլերը դէպի դպրոց: Սէրը կրթութեան, գիտութեան եւ դպրոցի հանդէպ ձեւաւորում են ուսուցիչները: Բնական է, որ մենք ուսուցիչներին մշակներ ենք կոչում: Նրանց առաքելութիւնն է սերմեր ցանել, մշակել եւ  խնամել այդ սերմերը: Յաջողութիւն եմ մաղթում բոլորին»,- ըսած է Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Մայր տաճարը լեցուն եղած է կրթութեան ոլորտի ներկայացուցիչներով, հոգեւորականներով եւ հիւրերով:

Արարողութիւնը աւարտած է եկեղեցականներուն կողմէ կատարուած գեղեցիկ շարականով մը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին