Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Նախագահ Սահակեան Մասնակցած է Ստեփանակերտի Նոր Մարզադահլիճի Բացման Արարողութեան

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 30-ին մասնակցած է Ստեփանակերտի նոր մարզադահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է «Սահմանամերձ համայնքներու զարգացման» հիմնադրամին` այս նախագիծը իրականացնելու համար եւ կարեւոր համարած մարզադահլիճներու ցանցին ընդլայնումը մայրաքաղաքի ու հանրապետութեան մէջ ընդհանրապէս` նշելով, որ այդ գործընթացը պիտի ըլլայ շարունակական:

Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին