*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Քանի մը օրեր առաջ Պէյրութը արթնցաւ ցաւալի լուրով մը, որն էր քսանամեայ երիտասարդուհիի մը անձնասպանութիւնը: Շուտով ընկերային համացանցը այս ցաւալի պարագային արձագանգեց շատ տարածուն կերպով, մինչ տեղական լրատուական միջոցները մրցումի ելան սքուփներ (անակնկալ լրատուութիւն) արձանագրելու՝ խեղճ աղջկան ցաւալի մահուան հաշւոյն, որ Պէյրութի Սանայէէ շրջանի իրենց բնակած շէնքի 8-րդ յարկէն ինքզինք վար նետած էր:
Սկսելու համար ըսեմ, որ այս լուրը կրկնակի կերպով ցնցեց զիս, որովհետեւ զոհը՝ Նուրհանը նախկին աշակերտուհիս էր՝ խելացի, ազատամիտ, ուրախ եւ աշխոյժ, ինչպէս նաեւ համամարդկային հարցերով հետաքրքրուող եւ առաջին կարգի գործունեայ (activist) աղջիկ մը:
Սիրելի ընթերցող, եթէ ընկերային համացանցի հետեւող մըն ես, շատ հաւանաբար հանդիպեցար այս լուրին առընչութեամբ տարածուած գրառումներուն, թեր եւ դէմ կարծիքներուն, աւելորդաբանութիւններուն ու բամբասանքին, եւայլն:
Ոմանք կը մեղադրէին իր արարքը, այլ գրառողներ ինքզինքնին երկնային դատաւորներ կարգած՝ կրօնի դասեր կու տային, մինչ ուրիշներ անձնական ընտրանք եւ քաջագործութիւն կը համարէին Նուրհան Համմուտի կատարածը…:
Բամբասողը ամենագէշ կերպով բամբասեց, մինչ պաշտպանողը հասաւ այնպիսի վտանգաւոր կէտի, որ կարծէք անձնասպանութիւն կը քաջալերէր բոլոր Նուրհանը սիրողներուն կամ անոր հետ ինքզինք նոյնացնողներուն (identification), անոր արարքը նկարագրելով որպէս գերագոյն քաջութիւն եւ ազատ կամք՝ իր կեանքին վերջ տալու ժամը տնօրինելու…:
Այս բոլորը անշուշտ առանց նկատի ունենալու անոր ծնողքին եւ ընտանեկան պարագաներուն հոգեվիճակը կամ նոյնինքն զոհին յիշատակը:
Բոլոր կրօնքները անձնասպանութիւնը ոճիրի համազօր կը նկատեն ու այս բանին շուրջ համաձայն են բոլոր հաւատացեալները, սակայն ինչո՞ւ վիճիլ անոր սահմանումին մասին՝ փոխանակ երիտասարդուհիի մը անձնասպանութեան փաստը առնելու որպէս ահազանգ ու անոր կեանքէն յուսահատելու պատճառները փնտռելու, որ կրնայ շատերուն մօտ ալ նոյնը ըլլալ: Ինչո՞ւ մենք մեզի չհարցնենք, որ երբ դժուարութեան հանդիպինք պէտք է զայն դիմակալե՞լ, թէ՞ փախչիլ անկէ: Մեզմէ կամ մեր զաւակներէն ո՞վ՝ երբ իրիկունը գլուխը բարձին վրայ դնէ, գլուխը չի պայթիր հոգերով եւ պատասխանատուութիւններու ծանրութեամբ: Անձնասպանութիւ՞նն է անոնց ճարը եւ քաջութիւ՞ն է ան:
Ամէն պարագայի տակաւին յստակ չեն Նուրհանի անձնասպանութեան դրդապատճառները, սակայն մէկ բան յստակ է, որ ան առյաւէտ մեկնած է այս աշխարհէն, մինչ զինք սիրողներն ու ընտանիքը իրեն ափսոսանքով կորսնցուցած են: Իսկ մենք տակաւին կանք սիրելի ընթերցող: Մեր զաւակներուն ու սիրելիներուն հոգեկան առողջութեան հոգ տանինք՝ քանի ուշ չէ…: