Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Հայկական Արտադրութեան Անօդաչու Թռչող Սարք՝ «Կռունկ»

Հայաստանի մէջ արտադրուած է հետախուզական անօդաչու թռչող սարք: Ըստ fbh.am-ի՝ անիկա կը պատկանի միջին դասի անօդաչուներուն: Այս դասին մէջ կը մտնեն ներկայիս շահագործուող նման տիպի թռչող սարքերու մօտ 60 %-ը: «Կռունկ»ը ՀՀ ՌՕՈւ-ի նորագոյն արտադարանքներէն է եւ իր ճարտարագիտական բնութագրերով չի զիջիր նմանատիպ շատ սարքերու:

Անիկա ապահովուած է ղեկավարուող ինքնաշխատ թռիչքի համակարագով եւ կրնայ օդին մէջ մնալ մինչեւ 5 ժամ: Թռիչքին առաւելագոյն բարձրութիւնը 5400 մ է, թռիչքներու ժամանակ անիկա սովորաբար կը բարձրանայ առաւելագոյնը 4500 մ, արագութիւնը 150 քմ/ժ է:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին