Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Գերմանական-Հայկական Համախմբումի Անդամները Հայաստան Կ’այցելեն

29 Օգոստոսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան Երեւանի մէջ ընդունեց Գերմանական-հայկական համախմբումի պատուիրակութիւնը՝ անոր նախագահ, Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Ալպերթ Վայլերի գլխաւորութեամբ:

Yerkir.am-ի տեղեկութիւններով՝ նախարար Նալպանտեան կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ հայ-գերմանական բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ու ընդլայնման առումով:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի համագործակցութեան համար եւ քննարկեցին փոխյարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Ալպերթ Վայլեր նախարար Նալպանտեանին ներկայացուց համախմբումին կողմէ կատարուող աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Նախարար Նալպանտեան բարձր գնահատեց Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արժեւորեց Գերմանական-հայկական համախմբումի անդամներուն կարեւոր ջանքերը այդ գործընթացին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Այս առումով Էտուարտ Նալպանտեան ներկայացուց միութեան հետ նոր իրաւական հիմքի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու առընչութեամբ։

Ապա պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ բարձր գնահատեց Ալպերթ Վայլերի ունեցած ներդրումը երկու երկիրներու միջխորհրդարանական եւ միջպետական յարաբերութիւններու առաւել խորացման եւ զարգացման առընչութեամբ:

Խորհրդարանի ղեկավարը արժեւորած է Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ Պունտեսթակի համագործակցութիւնն ու կապերու աշխուժացումը: Ազգային ժողովի նախագահը ողջունած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման առընչուող գերմանական կողմի ջանքերը: Այս պարունակին մէջ Գալուստ Սահակեան կարեւոր նկատած է Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն Արցախ այցելութիւնը։ Գալուստ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Պունտեսթակին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունման համար: «Համոզուած եմ, որ նման ոճրագործութիւններն ընդունելու եւ դատապարտելու ճանապարհով միայն հնարաւոր կը լինի կանխել դրանց կրկնութիւնն ապագայում», -յայտնած է Գալուստ Սահակեան:

Ալպերթ Վայլեր յատկանշական նկատած է իր խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունումէն ետք Հայաստան տրուած այցելութիւնը։ Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ան եւս կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու խորհրդարանականներուն փոխայցելութիւնները, յարաբերութիւններու առաւել խորացումը, յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ: Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամը նշած է, որ Գերմանիան իր հերթին կը ջանայ կարելին ընել տարածաշրջանային խաղաղութեան պահպանման համար:

Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարը համոզում յայտնած է այն մասին, որ Ա. Վայլերի օժանդակութեամբ պիտի շարունակուի եւ առաւել պիտի զարգանայ Գերմանիոյ ու Հայաստանի աւանդական ջերմ համագործակցութիւնը: Հանդիպման աւարտին Գալուստ Սահակեան հայ–գերմանական կապերու ամրապնդման եւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին համար Ալպերթ Վայլերը պարգեւատրած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին