*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Նկարին մէջի ծրած անձը Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքն է, որ կը փորձէ պիլիարտ խաղալ, խաղափայտով հարուածելու պատրաստուելով սխալ՝ ոչ ճերմակ գնդակը…:
Հետաքրքրականը այն է, որ իր ընկերակիցները հակառակ իրենց դէմքին վրայ եղած քմծիծաղին, ըստ երեւոյթին չեն համարձակիր ուղղելու զինք…:
Խիզախութիւն կ’ուզէ դիտողութիւն ընել մենատէրի մը, երբ անոր գինը կրնայ սուղ վճարել…:
Եւ այսպէս մենատէրեր իշխեցին այս շրջանին, որուն ամենասուղ գինը իրենց իշխած երկիրներու քաղաքացիները վճարեցին եւ տակաւին կը շարունակեն վճարել, նոյնիսկ անոնց մեկնումէն ետք…:
Հարցումը կը մնայ այն, որ մենատէ՞րն է յանցաւորը, թէ՞ անոր սխալները ուղղելէ խուսափողը…։