Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Դէպի Պայծառ Ապագայ – ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Տարեկան Խարուկահանդէսը

Յաջորդական երկու  շաբաթավերջերու  ընթացքին, ՀԵԸ-ի  երկու  քոյր սկաուտական մասնաճիւղերու  տարեկան    ընդհանուր բանակումներուն յաջողութիւնը եկաւ հաստատելու՝   ՀԵԸ Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը կը մնայ  իր ազգային առաքելութեան վրայ:

Եթէ  նախանցեալ շաբաթավերջին  ուրախացանք ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի իրագործումներով, անցնող շաբաթավերջին,Շուիթի մէջ, ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի  խարուկահանդէսի  ընթացքին  արտասանուած խօսքերը, գործադրուած  գեղարուեստական յայտագիրը եւ  բծախնդիր աշխատանքը վերահաստատեցին  ազգապահպանութեան  ճանապարհին  ՀԵԸ Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումին գնահատելի դերակատարութիւնը:

DSC_2489

Արդարեւ, Շաբաթ, 27  Օգոստոս 2016,  յետմիջօրէի  ժամը 5-էն սկսեալ արտակարգ  եռուզեռ մը ստեղծուած էր    լեռնալիբանանի  գեղատեսիլ վայրերէն, Շուիթի ՀԵԸ  Սեւանի  բանակավայրին մէջ:  Այնտեղ էին   հարիւրաւոր հայորդիներ, ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ՝  Յակոբ Թելվիզեան, Արա Տաքեսեան, Շահան  Սեմերճեան, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի    Կրթական   Յանձնախումբի ատենապետուհի եւ  Լիբանանի Արենուշական Ֆետերասիոնի նախագահուհի  տիկին  Լենա  Իւրնեշլեան – Քարակէօզեան,  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեան, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներ,  ՀԵԸ-ի Վեթերան  Սկաուտներու  Համախմբումի անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի եւ Անդրանիկ Անթիլիասի  Գործադիր Մարմիններու անդամներ, ծնողաց եւ այլ վարչութիւններու, սկաուտական  շարժումի անդամներ,ծնողք եւ միութենականներ: Բոլորը  անհամբեր կը սպասէին խարուկահանդէսի արարողութեան:

Սկաուտական  կեանքի  յատուկ ճշդապահութեամբ, ժամը  վեցին,   մեր  բոլոր ձեռնարկներուն    փայլք  շնորհող  ՀԵԸ-ի փողերախումբին  հնչիւններուն  տակ,   Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները  վեր  պարզած, տողանցելով, յաջորդաբար  դէպի  բանակավայր   յաղթական  մուտք  գործեցին  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Թիթեռները, Արծուիկները, Գայլիկները,  Արենուշները,  Սկաուտները, Քառավելները եւ Երէցները: Մեր առջեւ  պարզուեցաւ  ոգեւորիչ տեսարան մը: Սկաուտական Շարժումի աւելի քան երկու հարիւր անդամ, իւրաքանչիւր խումբ՝  տարազ մը,  ՀԲԸՄ-ը եւ ՀԵԸ-ը  իր գիրկին մէջ սեղմած   կայմին առջեւ…:   Այստեղ, փողերախումբին կատարողութեամբ  կը հնչեն  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգները:

DSC_2572

Քառավել Արին  Տագեսեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին անունով բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն,  ընդգծելով, թէ այս տարուան  բանակումը կը տարբերի   իր նախորդներէն, որովհետեւ  կը  զուգադիպի ՀԲԸՄ-ի  եւ ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան  110 եւ 85 ամեակներուն. « Ինչպէս ամէն տարի, այս  տարի եւս ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանը բոլորեց  գործունէութեամբ հարուստ տարեշրջան մը, լեցուն  զանազան ձեռնարկներով, միջոցառումներով եւ դաստիարակչական  հաւաքներով»,- ըսաւ ան, խոստանալով  աւելի   բեղուն  գործունէութիւն յառաջիկայ սկաուտական տարեշրջանին:

Երէց՝ Տանիէլ Ժամկոչեան արաբերէնով  բարի  գալուստի  խօսք  յղեց   ներկաներուն եւ յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց Շուիթի   քաղաքապետութեան, բանակավայրը  տրամադրելու առիթով:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիրի ատենապետ  Յակոբ Թելվիզեան  շնորհաւորեց հայ  ժողովուրդին ծառայող  110-ամեայ ՀԲԸՄ-ը եւ հայ երիտասարդութիւնը  համախմբող 85-ամեայ  Հայ  Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը:  Ան    շնորհակալութիւն յայտնեց  ընթացիկ տարուան բանակումին  յաջողութեան սատարող   անհատներուն, խօսքը  միաժամանակ ուղղելով  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան,  բանակավայրի  տարածութիւնը տրամադրող  Մաժետ Հաքիմին եւ Շուիթի   քաղաքապետութեան անդամներուն, բոլոր այն  անհատներուն, ընտանիքներուն, միութենականներուն եւ  հաստատութիւններուն, որոնք տարբեր  միջոցներով  նպաստեցին     բանակումին կազմակերպչական  աշխատանքներուն, ի մասնաւորին՝ Տագեսեան, Ալթունեան, Գրաճեան, Թաթէյեան եւ  Թաշճեան  ընտանիքներուն, ՀԵԸ-ի Վեթերան  Սկաուտներու Համախմբումին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Ծնողաց եւ ընկերային վարչութիւններուն, նաեւ ՀԵԸ-ի փողերախումբի վարչութեան: « Շնորհիւ յաջորդական սերունդներու զոհաբեր աշխատանքին, ՀԵԸ-ը հասած է մշակութային, մարզական եւ սկաուտական յաղթանակներու», յայտնեց ան, եւ այս առիթով  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր մարմինի ատենապետը եւ  գործադիրի անդամները հերթաբար  պարգեւատրեցին Սկաուտական Շարժումի ներկայ  եւ  նախկին խմբապետական կազմի անդամները, Ծնողաց եւ Ընկերային Վարչութեան անդամ-անդամուհիները:

DSC_2615

Ապա խօսք առաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան: Ան նշեց, թէ  յիշարժան  թուական մըն է  2016-ը: Ան  կ’ընգրկէ  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան  110 եւ 85 ամեակները:   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետը  ըսաւ.« Իր ազգային  պատկանելիութեամբ եւ  հայկական  ինքնութեամբ  ծանօթ  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը  հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն ծառայած է  Սփիւռքին եւ  հայրենիքին: Իսկ  անցող  85 տարիները բաւարար ապացոյց են համոզելու, թէ  ճիշդ  ընտրութիւն կատարած էր  ՀԲԸՄ-ը իր անմիջական հովանիին տակ վերցնելով  Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը: « Դու’ք ՀԵԸ-ի Սկաուտական Շարժումի անդամ-անդամուհիներ, դու’ք էք այդ  բոլորին վկան, Ձեր ծնողներով, շրջապատով, Ձեր աշխատանքով եւ նուիրումով:  Մեր սկաուտական, մարզական եւ մշակութային, երիտասարդական  շարժումներուն գործունէութիւնը կու գայ  համոզելու, թէ   ճիշդ ուղիի վրայ կը գտնուի ՀԵԸ-ը»,-ըսաւ ան:

Վիգէն Չերչեան  յայտնեց, թէ տարեդարձները մեր առջեւ կը բանան նոր  հեռանկարներ եւ պատասխանատուութիւններ: «Դժուարութիւններ անկասկած պիտի  ըլլան, բայց մենք կը հաւատանք  միութեան  ուժին եւ  հաւաքական աշխատանքին», – ընդգծեց ան:

Վիգէն Չերչեան  ՀԵԸ-ի Սկաուտական Շարժումի  80-ամեակին առիթով մէկ առ մէկ շնորհաւորեց ՀԵԸ-ի բոլոր  հին եւ նոր անդամները:

Ան յատուկ  գնահատանքի խօսք ուղղեց  եւ նորանոր յաջողութիւններ  մաղթեց  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինի ատենապետ  Յակոբ Թելվիզեանին եւ անոր  գլխաւորած  վարչութեան անդամներուն, ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի  ընդհանուր խմբապետ  եղբայր  Յովիկ  Գույումճեանին, խմբապետական կազմի բոլոր անդամներուն, Սկաուտական Վարչութեան,  Ծնողաց  վարչութեան եւ  մասնաճիւղի անդամ-անդամուհիներուն:

Ապա,  ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Յակոբ Թելվիզեան, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի    Կրթական   Յանձնախումբի ատենապետուհի եւ  Լիբանանի Արենուշական Ֆետերասիոնի նախագահուհի  տիկին  Լենա  Իւրնեշլեան – Գարակէօզեան, ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն  Արա Վասիլեան  հրաւիրուեցան վառելու  խարոյկը:

Ճարճատող կրակի կողքին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան  Սկաուտական Շարժումի անդամ –անդամուհիներու մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ  գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  ծնունդը, Սփիւռքի  եւ հայրենիքի մէջ անոնց  գործունէութիւնը: Նորանկախ  հայրենիքին  մէջ ՀԲԸՄ-ի բարեսիրական, կրթական, մշակութային ծառայութիւնները: Մեծ Երկրաշարժի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն  ՀԲԸՄ-ի  մարդասիրական   օժանդակութիւնները: Ներկաները մտովին տեղափոխուեցան  Գահիրէ, 1906, ՀԲԸՄ-ի  հիմնադրութիւնը, ծանօթացան  անոր ազգային եւ հայրենական ծառայութիւններուն:  Աւելի ուշ՝  Պէյրութ, 1931,  Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան  ծնունդին եւ  գործունէութեան:

DSC_2633

Գեղարուեստական  յայտագիրը համեմուած էր  երգերով, «սքեչ»ներով, արտասանութիւններով եւ  խմբային  պարերով: Իւրաքանչիւր դադարի միջոցին,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի անդամ-անդամուհիներ կը ներկայացնէին  ՀԲԸՄ-ը  եւ ՀԲԸՄ-ականը առանձնացնող յատկանիշներ, զանոնք կցելով խորհրդանշական  ծառի մը  վրայ:

 

  • Տիպար հայ – Ազգանուէր իրենց  ծառայութեան մէջ, տիպար հայու  խորհրդանիշ պիտի մնան   ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրները:
  • Տիպար քաղաքացի – Դառնանք մեր ապրած երկիրներուն  տիպար քաղաքացին:
  • Ծառայասիրութիւն – Ծառայասէր  ըլլանք, մեր   մեծ ընտանիքին՝ ՀԲԸՄ-ի յարկին տակ, ինչպէս անոր հիմնադիրները:
  • Հայրենասիրութիւն – Հայրենասիրութեան  հոմանիշ է ՀԲԸՄ-ը,  իր 110 –ամեայ բազմակողմանի  ծառայութիւններով:
  • Քթասիրտութիւն – Քթասիրտ  մարդը  միայն կը հասկնայ ազգին եւ հաւաքականութեան  կարիքները:  ՀԲԸՄ-ի  հիմնադիրները մեզի սորվեցուցած են  քթասիրտ  ըլլալ միութենականին  եւ  բարեկամին հանդէպ:
  • Ընկերասիրութիւն – ՀԲԸՄ-ը մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ առաքինի  եւ  ընկերասէր:
  • Հաւատարմութիւն- Կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  հայրենանուէր  առաքելութեան:
  • Անկեղծութիւն – Անկեղծ  մօտեցումը եւ հաւատքը, հաւաքական  աշխատանքի ամենակարեւոր  բաղադրիչներն են:
  • Եկեղեցասիրութիւն – Մնանք  տիպար  քրիստոնեաներ եւ  հաւատարիմ հայ   եկեղեցւոյ պատգամներուն:
  • Աշխատասիրութիւն – ՀԲԸՄ-ը կը սորվեցնէ աշխատասիրութիւն:
  • Հեզութիւն – Հեզ ու խոնարհ ըլլալ  ընկերութեան եւ շրջապատին մէջ:
  • Պարկեշտութիւն – Նկարագիրի այն յատկանիշը, որ յատուկ է ՀԲԸՄ-ականին:
  • Բարեգործութիւն – Բարեգործութիւնը  եղած է   եւ պիտի  մնայ ՀԲԸՄ-ի ազգային  ուղեգիծի առանձնայատկութիւններէն:
  • Նուիրում – Նուիրումի եւ անմնացորդ ծառայութեան  տիպարներ  են ՀԲԸՄ-ի  հիմնադիրները:  Հետեւինք անոնց  օրինակին:
  • DSC_2697

Յատկանիշները  եկան պտղաւորելու  ՀԲԸՄ-ը խորհրդանշող  Յաւերժի Ծառը:

Տպաւորիչ էր  Արցախի ազատագրութեան համար մեր  Սկաուտական Շարժումին պատրաստած ներկայացումը: Հայրենիքի  ծառայութեան եւ անոր հողին պաշտպանութեան համար  մեր անձնազոհ երիտասարդութեան պատրաստակամութիւնը   արժանացաւ  ներկաներուն  բուռն ծափահարութեան:

Խանդավառ այս մթնոլորտէն, տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Գեղարուեստական յայտագիրի վերջընթեր բաժինով,մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ   ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անցնող տարուան գործունէութիւնը  ամփոփող  տեսաերիզ  մը:

Յիշատակելի այս խարուկահանդէսը աւարտեցաւ « Հրաժեշտի  Երգ» խմբերգով եւ  յառաջիկայ տարի դարձեալ հանդիպելու  բարեմաղթութիւններով:

DSC_3177

 

                                                                                                           ՀԵԸ ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին