Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Գալուստ Սահակեան Գերմանական-Հայկական Համախմբումի Պատուիրակութեան Երախտագիտութիւն Յայտնեց Գերմանիոյ Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Օրինագիծի Ընդունման Համար

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Ալպերթ Վայլերի գլխաւորած` Գերմանական-Հայկական համախմբումի պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն, կարեւոր նկատեց Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն Արցախ այցելութիւնը: Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Գերմանիոյ խորհրդարանին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունման համար: «Համոզուած եմ, որ նման ոճրագործութիւններ ընդունելու եւ դատապարտելու ճամբով միայն՝ կարելի պիտի ըլլայ կանխել անոնց կրկնութիւնը ապագային», -յայտնեց Սահակեան:

Իր կարգին Վայլեր յատկանշական նկատեց իր պատկանած խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունումէն ետք Հայաստան տրուած այցելութիւնը: Գերմանական պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի համագործակցութեան համար ու քննարկեցին փոխյարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ այս առումով  Նալպանտեան ներկայացուց միութեան հետ նոր իրաւական հիմքի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու առընչութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին