Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Արմինէ Չուքասըզեան. Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Անգլիական Գրականութեան Բաժնի Առաջին Շրջանաւարտուհին

*Անդրանիկ Տագէսեան*

Հայութեան առընչութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (ՊԱՀ) արդէն աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւն մը ունի: Դեռ Եղեռնէն իսկ առաջ, թէ՛ կիլիկիահայ եւ թէ՛ արեւմտահայ ուսումնատենչ երիտասարդներ ուսանելու կը ղրկուէին կամ կու գային այն ատեն Սիրիըն Փրոթեսթընթ Քոլըճ կոչուող այս երախտաշատ հաստատութիւնը: Նոյն հաստատութենէն մասնագէտներ ու հետազօտողներ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէին մանաւանդ Կիլիկիոյ բուսական աշխարհի հրաշալիքներուն ուղղութեամբ:

Ճիշդ է որ ՊԱՀի հայ ուսանողութեան եւ հայկական առընչութեան մասին վերջերս մագիստրական փայլուն թէզ մը պաշտպանեց երիտասարդ պատմաբան Հրաչ Քեսթէնեանը, խորանալով ՊԱՀի մինչեւ 1920ականներու հայ ուսանողութեան գործունէութեան պատումին մէջ: Ճիշդ է նաեւ որ ՊԱՀիհայ ուսանողութեան յուշամատեան մը լոյս տեսած է որ կ’ընդգրկէ 1908-1933 շրջանի հայ ուսանողական միութեան պատմութիւնը, ասոնցմով սակայն չի սպառիր համալսարանին հայապատումը, որ իւրօրինակ հայելի կը հանդիսանայ 1940-1970ականներու լիբանանահայ բարձրագոյն կրթութեան մղումին:

Տեղեակ չենք, որ նման աշխատանք մը գոյութիւն ունի Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի «հայապատում»ին մասին, որ նոյնքան կարեւոր է: Այսպիսի ուսումնասիրութիւնները կրնային ի միջի այլոց բացայայտել նաեւ Լիբանանի հայօճախին կրթամտաւորական տարողութեան թափը, ինչպէս եւ նպաստը՝ Լիբանանի կրթական-գիտութեան համակարգին: Դժբախտաբար բանաւոր վկայութիւններ, ցաքուցրիւ յուշեր ու գրութիւններ ունինք միայն ՊԱՀի այս ու այն բաժանմունքի հայ տեսուչին, դասախօսին եւ հայկական իրագործումներու մասին: Լաւ կ’ըլլայ որ նիւթական քաջալերանքով յանձնարարուի ուսումնասէրի մը նման հետազօտութիւններ լոյսին բերելու համար:

Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու թէ մենք՝ լիբանանահայերս առաջիններն ենք որ պէտք է սեւեռուն մտահոգութիւնը ունենանք նման ուսումնասիրութիւններու ծնունդին սատարելու: Նման ուսումնասիրութիւններ մեր անմիջական անցեալն են, յանուն լիբանանեան հայրենիքին մեր թափած ճակտի քրտինքին գրաւոր յուշարձաններն են, որոնք առաւել փաստացի շօշափելիութիւն կու տան տեղական մեր ներդրումին ու նպաստին:

Այս մտածումները դարձեալ վերապրեցայ, երբ կարդացի թէ, ասկէ յիսուն տարի առաջ, Փետրուար 1966ին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Անգլիական Գրականութեան Բաժնէն մագիստրական տիտղոսով կը վկայուէր Արմինէ Յովհաննէսի Չուքասըզեանը: Անոր աւարտաճառը ուսումնասիրութիւնն էր նորզելանտացի հեղինակ Քեթրին Մենսֆիլտի պատմուածքներուն:

Չուքասըզեան առաջին լիբանանցին եւ առաջին հայն էր (Լիբնանանի մէջ) որ ձեռք կ’արձանագրէր նման կրթական յաջողութիւն մը:

Չուքասըզեանի երկրորդ մագիստարականը (Էմ. Ֆիլ., անգլերէնի) կու գայ Լոնտոնի Համալսարանի Քուին Մէյրի Քոլէճէն: Այս անգամ անոր մագիստրականի աւարտաճառի նիւթը Իրլանտայի եւ Անգլիոյ մէջ անգլօ-իրլանտացի թատերագիր Ճոն Միլինկթըն Սինճի թատերախաղերու քննական ընկալումն էր:

Շրջանաւարտութենէ ետք, Չուքասըզեան դասաւանդած է տարբեր համալսարաններու մէջ եւ սեմինարներ տուած մագիստարականի ուսանողներու՝ անգլիագիտութեան մէջ:

Վերջերս ան հրատարակեց անգլերէն բանաստեղծութիւններու հատոր մը՝ Memories and Cities, վերնագրով ուր ընդգրկուած են 40 անգլերէն եւ տաս ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ:

Ներկայիս աւարտին կը հասցնէ իր կարճ պատմուածքներու անգլերէն հատորը:

Կը շնորհաւորենք Օրդ. Չուքասըզեանը իր յիսնամեայ նուաճումին առթիւ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին