Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Յուշեր Վահան Թէքէեանի Մասին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Բանաստեղծ մը, կարծեմ արաբ, կարդալէ ետք Վահան Թէքէեանի «Մէկ Հատիկըս» բանաստեղծութիւնը, ըսեր է. «Միւս աչքն ալ հանեցէք որպէսզի նման գեղեցիկ բանաստեղծութիւն գրէ» (ի հարկ է բարբարոսական արտայայտութիւն, սակայն միտք բանին կ’արդարացնէ), իր դիպուկ ոճով ըսաւ պրն. Օննիկ Սարգիսեան աշակերտական օրերուս: Ուսուցիչ-աշակերտի փոխ-յարաբերութեան մէջ ես կը շեշտեմ աշակերտին ընդունակութիւնը, սակայն առանց զանցառելու ուսուցիչին կարողութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ: «Իմ մէկ Հատիկըս» իր աչքի կորուստը ունէր քաղաքական պատճառներ. արդ կը յիշեմ այլ դասապահ մը, ուր (անգլերէն լեզուի պահ) դատարանի հարց կար եւ… «կ’երդնո՞ւս ըսել ճշմարտութիւնը, ամբողջական ճշմարտութիւնը ու ճշմարտութենէն զատ ոչինչ»: Ի՜նչ աղուոր է ամէն մէկուն ի՛ր չափն ու կշիռը տալ առանց յաւելուածի ու զեղջումի…:

Ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ երդումի կը կարօտի ըսելու համար ինչ որ նշուած է: Այդպէս է: Մարդիկ կը ծածկեն զանազան նկատառումներով այսինչ կամ այնինչ երեւոյթը, եղելութիւնը, խօսքը, եւ այլ բաներ, ինչ որ ընդհանուրին կամ կողմի մը հաճելի կրնայ չթուիլ: Սակայն գլխաւորը՝ գլխատած կ’ըլլանք ամբողջական ճշմարտութիւնը, որ գոյ է: Եւ անժխտելի:

Ինչո՞ւ ծածկել կամ անցնիլ անտարբեր, եւ երբ այդ խնդրոյ առարկան ալ աչքն է… միա՛յն երկու, ֆիզիքական տեսանկիւնէ…։ Աչքի կարեւորութեան մասին խօսիլ անհեթեթ է… ի զուր չէ, որ գրուած է «Աչքի բիբի պէս զիս պահէ» (Աստուածաշունչ):

Կեանքի մէջ դիտանկիւնը շատ կարեւոր է: Չեմ յիշեր ո՛ր տարին էր, Ալ. Սարուխան Լիբանան հիւր եկած էր ու ելոյթ պիտի ունենար Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ. չէի կրնար փախցնել այս առիթը մանաւանդ այդ շրջանին, երբ արեան երիտասարդական եռքը հանգիստ չէր թողուր, ու ընկերանալով ընկեր Յովհաննէս Աղպաշեանին՝ գացինք… թէ ի՛նչ կը յիշեմ այդ երեկոյէն՝ սա է. «Թէքէեան Թէքէեան կ’ըսենք, ի՞նչ պիտի մնայ որ… շատ-շատ 15-20 հատ»:

Մեր, «Աղպաշ»ին ու իմ նայուածքնրը իրար զարնուեցան, մինչ ինք գլխու շարժումով համաձայնութիւն կու տար:

Յաճախ ըսած եմ տուէք ինծի մեծ քերթողի մը լաւագոյն տողը ու ես զայն զգետնեմ… Զարեհ Մելքոնեանական սինիզմով:

Անցնինք Մէկ Հատիկին.-

1915-ին կ’ընտրուի Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Աղեքսանդրիոյ Կեդր. Վարչութեան անդամ եւ Միհրան Տամատեանի հետ կը հիմնէ «Արեւ» երկօրեան, որ պիտի փոխադրուէր յետոյ Գահիրէ:

1916-ին կուսակցական հակամարտութիւններու հետեւանքով, կ’ենթարկուի գիշերային յարձակումի մը ու կը կորսնցնէ լոյսը իր աջ աչքին: (Վահէ-Վահեան, «ԲԵՐՔԱՀԱՒԱՔ»):

Ուստի գրեց.- «Մէկ Հատիկըս»

«Իմ մէկ հատիկըս հիմա, որ կը դիտես զիս վհատ,

Հայելիին ջրհորէն,

…………………………………………………………………………..

Ե՞ս արդեօք քեզ, թէ դուն զիս կը մեղքընանք աւելի,

Երբ զիրար լուռ կը դիտենք…

…………………………………………………………………………….

Իմ մէկ հատի՛կս… ոհ, ինչպէ՜ս սիրտըս վրադ կը դողայ,

Երբ կը տեսնեմ քեզմով քեզ.

Քու արցունքո՛վըդ քեզի կը պաղատիմ ես հիմա,

Որ դուն ալ զիս չլքես…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին