Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ֆիլմը «Օսքար»-ի Յաւակնորդ Հայաստանէն

Հայաստանի ազգային շարժանկարի ակադեմիային կը սպասուի դժուար ընտրութիւն. Հայաստանէն ո՞վ պէտք է պաշտօնապէս ներկայացուի ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիայի` «Օսքար»-ի 89-րդ մրցանակաբաշխութեան:

Յայտերը ներկայացնելու վերջնաժամկէտը Օգոստոս 25-ն էր: Ներկայացուած է երեք ֆիլմ. Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը», Դաւիթ Սաֆարեանի «28:94 տեղական ժամանակով»-ը եւ Սարիկ Անդրէասեանի «Երկրաշարժ»-ը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի կարծիքով՝ բոլոր երեք ֆիլմերն ալ արժանի են Հայաստանը ներկայացնելուն, սակայն հարց է, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը պիտի արժանանայ այդ պատուին:

Հիմնական մրցակցութիւնը պիտի ըլլայ Արցախեան պատերազմի մասին պատմող «Վերջին բնակիչը» եւ 1988-ի երկրաշարժի մասին պատմող «Երկրաշարժ» ֆիլմերուն միջեւ:

Նշենք, որ «Վերջին բնակիչը», Ճիւան Աւետիսեանի` Արցախին նուիրուած երկրորդ ֆիլմն է: Առաջին ֆիլմը` «Թեւանիկ»-ն էր, որ նուաճած է բազմաթիւ միջազգային մրցանակներ` Չինաստանի, Իտալիոյ, Ռումանիոյ, Լեհաստանի, Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մէջ: Այս տարի ֆիլմը ներկայացուած է Կլենտէյլի Միջազգային եւ World Cinema Berlin-ի շարժանկար արտադրողներու միջազգային փառատօններուն: «Թեւանիկ»-ը ցուցադրուած է նաեւ Կաննի միջազգային փառատօնի շարժանկարի շուկային, ինչպէս նաեւ արժանացած է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի գլխաւոր մրցանակին:

Ծագումով Արցախցի Ճիւան Աւետիսեանը մեծցած է` ականատես ըլլալով իր ընտանիքի եւ համագիւղացիներու դիմակայած դժուարութիւններուն: Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին, Ջիւանը նկարահանած է շարք մը վաւերագրական եւ կարճ ֆիլմեր` Արցախի մասին, նպատակ ունենալով` ճանաչելի դարձնել Արցախը եւ անոր հիմնախնդիրները` ողջ աշխարհին: Ճիւանի ֆիլմերը դարձան աւելի արդիական ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ` ընդգծելով խաղաղութեան գաղափարը, որ ամենակարեւորն էր ողջ հայութեան համար: «Վերջին բնակիչը» իր մէջ կ՝ամփոփէ հզօր հաղորդագրութիւն ազգային պատկանելիութեան եւ այն մասին, որ անգամ պատերազմը չի կրնար վերջ դնել նուիրական արժէքներուն: Ֆիլմին ստեղծման վրայ աշխատած են անկախութեան սերունդի տաղանդաւոր երիտասարդներ, որոնք մէկ անգամ եւս կ՝ընդգծեն խաղաղութեան համազգային եւ համամարդկային արժէքը:

Նշենք, որ Հայաստանը 2002-ին ներկայացուցած է Վ. Չալդրանեանի «Լռութեան սիմֆոնիա» շարժանկարը, 2010-ին` Ռուբէն եւ Վահէ Գէորգեանցներու «Հրաշագործի աշունը» փաստավաւերագրական ֆիլմը, 2013-ին` արցախեան պատերազմի մասին պատմող Միքայէլ Պօղոսեանի «Եթէ բոլորը» ֆիլմը, որոնք ընտրական փուլ չեն անցած:

«Օսքար» 89-րդ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կայանայ 2017-ի Փետրուար 26-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին