Օգոստոս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մօտ հիւրընկալուած են «Արի տուն» ծրագիրի նախորդ տարիներու մասնակիցները, որոնք ընդգրկուած էին ծրագիրի ութերորդ փուլի ճամբարային օրերուն:
Ողջունելով սփիւռքահայ երիտասարդները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսած է. «Յուսով եմ` ծրագրի աւարտից յետոյ լաւագոյն յիշողութիւններով էք հեռացել եւ աւելի կապուել Ձեր Հայրենիքին: Այն տպաւորութիւնները, որոնք ստացել էք շրջայցերի ընթացքում, օգնել են Ձեզ նոր ընկերներ եւ մտերիմներ ներգրաւել ծրագրում: Յիշէ՛ք, Ձեր բնակութեան վայրերում պէտք է Մայրենիով խօսէք, քանի որ դա է ազգային դիմագծի եւ ինքնութեան պահպանման գրաւականը: Իմ նպատակը աշխարհի բոլոր կողմերում Ձեզ միշտ հայ տեսնելն է»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախարարը հետաքրքրուած է անոնց ձեռքբերումներով, ուսումնական յառաջընթացով, ապա կոչ ըրած արժանապատիւ հայ մեծնալու եւ իրենց յետագայ գործունէութեամբ նպաստելու Հայաստանի զարգացման:
Այնուհետեւ, գերատեսչութեան ղեկավարը յորդորած է պատանիներն ու աղջիկները ծրագիրին մասին կարծիքներ, առաջարկներ ներկայացնել` վստահեցնելով, որ հետամուտ պիտի ըլլան անոնց կեանքի կոչելուն:
Երիտասարդները նախարարին շնորհակալութիւն յայտնած են` մէկ անգամ եւս նախորդ ճամբարային օրերու երանութիւնը վայելելու հնարաւորութեան համար, ապա շեշտած, որ «Արի տուն» ծրագիրէն պահպանուած յիշողութիւնները իրենց կեանքի մշտական ուղեկիցը դարձած են:
Անսալով անոնց տեսակէտներուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկած է ստեղծել արիտունցիներու ակումբ, որ ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն համար իւրատեսակ հաւաքատեղի կը դառնայ Մայր Հայրենիքի մէջ: