Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Մինչեւ Ե՞րբ Այս Խայտառակութիւնը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Կառավարութեան անցեալ Հինգշաբթի օրուայ նիստը եւ անոր աւարտը ծանօթ է բոլորիս:

Սակայն ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այս շաբթուանը՝ եթէ անշուշտ պիտի գումարուի:

Նոյնանմա՞ն…:

Յաջողցնելու աշխատանք մը կա՞յ: Բայց ինչպէ՞ս: Դարձեա՞լ կարկտանով:

Աղբերը Մեթնի մէջ կրկին սկսան փողոցները մնալ, երկրին մէջ որեւէ հարց չէ լուծուած եւ առ այժմ այդ գծով հեռանկար ալ չկայ։

Քաղաքական կողմերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան նշոյլ չկայ, որ աւելորդ կը դարձնէ անոնց միջեւ որեւէ համաձայնութեան մասին մտածելը։

Այս վիճակին մէջ կառավարութեան ի՞նչ նիստ։

Իսկ այս ամէնէն յետոյ ի՞նչ…: Մինչեւ ե՞րբ այս խայտառակութիւնը, երբ քաղաքացին լքուած է իր ճակատագրին, իսկ երկիրը՝ Ասուծոյ տնօրինութեան:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին