Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Հարցերը Բռնութեամբ Կամ Վատթարագոյնը Զէնքով Լուծելը Անթոյլատրելի Է»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզեր տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Ծաղկաձորի մէջ հանդիպեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի կազմակերպած՝ «Բազէ-2016» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ: Սարգսեան անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «ուղղակի անընդունելին այն է, երբ քաղաքական պայքարի ընթացքին փորձ կը կատարուի հարցերը լուծելու բռնութեամբ կամ վատթարագոյնը՝ զէնքով: Ասիկա անթոյլատրելի է», -ըսաւ նախագահը եւ ընդգծեց, որ «բռնութիւնը երբեք լաւ արդիւնքներ չի բերեր, այլ ընդհակառակը բռնութիւնը վտանգ է թէ՛ մարդոց եւ թէ՛ երկիրի համար»: Սարգսեանի խօսքով «քաղաքական պայքարը շատ բնական է, եւ մեր երիտասարդները մէկ անգամ չէ, որ իրենց իրաւունքներու, հասարակութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար դուրս եկած են քաղաքական պայքարի ու փողոց իջած: Անբնական է սակայն, երբ մարդիկ կամ կազմակերպութիւններ ու ծառայութիւններ, կը փորձեն պղտորել մարդոց գիտակցութիւնը,  ելլելով իրենց սեփական շահերէն», -ըսաւ նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին