Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

ԼՂՀ-ի ՄԷջ Համաներում Կը Յայտարարուի

ԼՂՀ հռչակման 25–րդ տարեդարձին առիթով համաներում յայտարարելու մասին ԱԺ որոշման նախագիծը Օգոստոս 25-ին ընդունուած է ԱԺ արտահերթ նստաշրջանի լիագումար նիստին: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ԱԺ-էն:

Որոշման նախագիծին կողմ  քուէարկած են բոլոր` 28 պատգամաւորները:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 24-ին ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան խորհրդարանի փոխնախագահի, մշտական յանձնաժողովներու ղեկավարներու եւ աշխատակազմի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ հրաւիրած էր աշխատանքային խորհրդակցութեան` քննարկելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի առաջարկը ԼՂՀ հռչակման 25–րդ տարեդարձին առիթով համաներում յայտարարելու մասին:

Որոշման նախագիծը պատգամաւորները քննարկած էին ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովին եւ անհրաժեշտ պարզաբանումներ ստացած ԼՂՀ նախագահի ներկայացուցիչ Արայիկ Լազարեանէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին