Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Գանատահայ Բեմադրիչի Վաւերագրական Ժապաւէնը՝ Ցեղասպանութեան Մասին

Օգոստոս 22-ին, Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ ներկայացուեցաւ գանատահայ Տիանա Սգայայի եւ Լիլիանա Գոմորոսքայի բեմադրած «Հօրս» վաւերագրական ժապաւէնը։

Վաւերագրականը կը ներկայացնէ Խորհրդային Միութեան Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող լեհական Վինիցիա քաղաքին մէջ 1937-1938 տեղի ունեցած սպանութիւններու ժամանակագրութիւնը։ «Սթալինեան մաքրագործումներ»ու օղակին մաս կազմող Վինիցիայի ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ ըլլալով վաւերագրական նման ժապաւէն կը նկարահանուի։ Վինիցիայի եւ անոր շրջակայ բնակավայրերուն մէջ 1937-1938 100 հազար լեհ ցեղասպանութեան ենթարկուած է։

Բեմագրութիւնը կը կեդրոնանայ Շուշի ծնած հօր կողմէ հայկական արմատներով բեմադրիչ Տիանա Սգայայի լեհ մօրաքրոջ Ալինա Պանտրոսքայի յուշագութեան վրայ։ Յուշերուն մէջ Ալինա Պանտրոսքա կը պատմէ Վինիցիա բնակող իր բանաստեղծ հօր Ադամ Պանտրոսքիի մասին։ Լեհ բանաստեղծը կը գնդակահարուի սովետական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ։

Գեղարուեստական համադրումով ներկայացուած այս վաւերագրական կարճամեթրաժ ժապաւէնը զգացական իր ուժգնութեամբ կը ստիպէ հանդիսատեսին ամբողջ 25 վայրկեան տեւողութեամբ հետեւելու իւրաքանչիւր դրուագի եւ խորասուզուելու բանաստեղծատիպ ոճով գրուած բեմագրութեան տողերուն մէջ։

«Հորիզոն»ի հետ զրոյցի ընթացքին բեմադրիչ Տիանա յայտնած է, թէ յաջորդ իր ծրագրով հայկական նիւթ մը պիտի ներկայացնէ եւ ինչու ոչ, հաւանաբար արցախեան իր արմատներուն մասին։

Նշենք, որ ժապաւէնը ներկայացուած է այս տարուան Քաննի ֆիլմի փառատօնին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին