Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

ՌԱԿ Երեւանի Մէջ Օժտուեցաւ Նոր Գրասենեակով Մը

Հայրենիքի մէջ իր տարած կազմակերպչական աշխատանքներու ծիրէն ներս, ՌԱԿ օժտուեցաւ նոր գրասենեակով մը Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մէջ, ուր օրերս Հայրենիք այցելող կամ Հայրենաբնակ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ՝  Սեւակ Յակոբեան, Լեւոն Պըլըխեան, Ալեքսան Գարատանայեան եւ Ընկերուհի՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան, ունեցան նոր գրասենեակին մէջ գումարուած առաջին ժողովը:

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նոր գրասենեակին մէջ կատարուելիք աշխատանքները, որ կը նպատակադրէ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան՝ քարտուղարական աշխատանքներուն, Կեդրոնական Մամլոյ Դիւանի համակարգումի գործին, անդամական տուեալներուն  եւ արխիւի մէկտեղումը:

Արծարծուեցան ֆինանսական եւ կազմակերպչական այլ հարցեր:

Ծրագրուեցան նաեւ ապագայի գործունէութիւնները՝ ինչ կը վերաբերի Հայրենիքի մէջ կայանալիք հրապարակային ձեռնարկներու եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող ԵՌԱԿ  եւ Միրաք Շարժումներուն:

ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Դիւան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին