Ուրուկուէյի հասարակական գործիչները, գիտնականներն ու օրէնսդիրները նախաձեռնած են «Լեռնային Ղարաբաղի ֆորում» խումբի մը ստեղծումը:
Ըստ 168.am-ի՝ անիկա իր աշխատանքները պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբեր 2-ին Մոնթեւիտէոյի մէջ պաշտօնական բացման արարողութեամբ` նուիրուելով նաեւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեակին: Ֆորումը նպատակ ունի խթանել Ուրուկուէյի դիրքորոշման ամրապնդման, որ ԼՂ հիմնահարցը լուծուի միայն խաղաղ ճանապարհով: