Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

«Հերոսաշատ» Հայաստան Եւ «Հերոսապատում» Սփիւռք

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Հին յունարէնէ եկած այս բառը՝ «հերոս», կը նշանակէր Լեոնիտասի պէս 300 խիզախներով կասեցնել Աքեմենեան արքայ Քսերքսեսի բանակին յառաջխաղացքը դէպի Աթէնք ու նահատակուիլ: Հերոսներ էին Զէյթունի, Մուսատաղի, Հաճընի, Շապին Գարահիսարի, Վանի եւ այլ հայ ազատամարտիկները, որոնք թիւով բազմապատիկ թուրք-օսմանեան բանակները ջախջախեցին ու նահատակուեցան յանուն հայրենեաց: Հերոսներ էին Շահան Նաթալին, Սողոմոն Թեհլիրեանը, Արամ Երկանեանը, որոնք վրէժխնդիր եղան մեր բիւրաւոր նահատակներուն արեան համար: Հերոս էր Խրիմեան Հայրիկը, Գարեգին Յովսէփեանցը՝ Սարդարապատի «Ղեւոնդ Երէց»ը եւ Բ. Աշխարհամարտին «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւներու համար համա-սփիւռքեան հանգանակութիւններ կազմակերպողը: Այդ վիթխարի ջանքերով եւ արիւնալի պայքարով է, որ մեր Թամանեան զօրագունդը, հերոս մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան, Համազասպ Պապաճանեան, Արմենակ Խանփերեանց, Ծովակալ Իսակով (Իսահակեան) ոտնակոխ ըրին թուրքին դաշնակից, հիթլէրեան Գերմանիոյ հորդաները, որոնք Կովկասի դարպասները հասած էին 1943-ին:

Իսկապէս հերոսներ էին Արամ Խաչատուրեանը, Վիքթոր Համբարձումեանը, Ալէն Յովհաննէսը, Ուիլիամ Սարոյեանը եւ ուրիշներ, որոնք ամբողջ աշխարհին ծանօթացուցին հայ մշակոյթը իր ամբողջ փայլքով: Վերջապէս հերոսներ էին եւ են նահատակներԿարէն Տեմիրճեանը, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը, Լեոնարտ Պետրոսեանը եւ Արցախի ու Հայաստանի ազատութեան համար ինկած մեր հազարաւոր նահատակները եւ հաշմանդամները, մինչեւ վերջին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը թուրք-ազերիին դէմ:

Այս օրերուն «Հերոսաշատ» դարձած է Հայաստան եւ «Հերոսապատում»ներով զբաղած են Սփիւռքի որոշ Մայր Հայրենիքի ապագայով «տոչորուող» շրջանակներ: Համացանցի թէ «Ֆէյսպուք»ի վրայ, Երեւանի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած խայտառակ իրադարձութիւններու ընթացքին, հերոսներ կը համարուին հայ ոստիկան ու զինուոր սպաննած, հայ որբուկներ բախտի քմահաճոյքին թողած բախտախնդիր  «փրկիչներ»: Հերոսներ են օտար հետախուզական վարչութիւններէ պարարտ դրամաշնորհներ ստացած եւ Հայաստանը խառնակելու եկած հայանուն գործակալներ: Հերոսներ են Հայաստանի հիւպատոսարաններու եւ դեսպանատուներու առջեւ ցոյցի ելած ու իրենց պետութիւնը օտարներու առջեւ խայտառակող, թուրքին եւ ազերիին ուրախացնող, «արդարութիւն» որոնող, ցնդաբանութիւններով զբաղած թափթփուկներ: Անգամ մը եւս միանալով ԼՂ Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Դաւիթ Պապայեանի վերջերս յայտնած արտայայտութեան կ՛ըսենք. «Եթէ այդպէս լաւ տղերք էք, եկէք հայրենի հողը պահեցէք»:

Իրենց արտագաղթած երկիրներուն մէջ ոչնչութիւններ, միայն Հայրենիքը պարսաւելու եւ քարկոծելու ատակ, իրենց փախուստը Հայրենիքէն արդարացնելու՝ գաղթականներ ընդունող կոմիտէներու առաջ, փոխանակ սատար կանգնելու 29000 քառ. քմ. տարածքով Հայաստանի եւ Լիբանանի մեծութիւնը ունեցող Արցախին, հայ ժողովուրդն ու միակ Հայրենիքը կը փորձեն գլորել անդունդը:

Մեզի բա՜ւ են այսպիսի «հերոս»ներ եւ համացանցային «հերոսապատում»ներ: Իրավիճակը շատ լուրջ է, զգաստութեան պահը հասած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին