*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ի՞նչ կը պատահի Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ: Թրքական ներխուժումը Սուրիոյ սահմանէն ներս, որ անշուշտ առանց համակարգումի չի կրնար պատահած ըլլալ, ի՞նչ կը նպատակադրէ:
Գաղտնիք մը չէ, որ այս ներխուժումը ի՛նչ պիտակի տակ ալ գայ, թրքական օրակարգով ունի մէկ եւ միակ նպատակակէտ՝ քիւրտերը…:
Ինչ կը վերաբերի համկարգումին կամ կանաչ լոյսին՝ «Տաէշի գլուխը» յանձնելու յանձնարարութեամբ, ըստ երեւոյթին Թուրքիա որպէս փոխադարձ՝ Ամերիկայէն պահանջած է «Քիւրտ Հսկան» վերադարձնել «Շիշին» մէջ…:
Կը մնայ հարց տալ, թէ նման միջազգային խաղի մը մէջ շիշէն դուրս ելած հսկան, կրկին պիտի վերադառնայ ու բաւէ՞ նեղ շիշին մէջ, թէ որոշ կքումներէ ետք պիտի ծանրօրէն հակադարձէ…:
Գալիք օրերն են, որ կրնան պատասխան մը տալ այս թնճուկային հարցին, որ ամէն պարագայի կրնայ տարբեր չափեր ստանալ՝ աւելի եւս հանգուցաւորելու սուրիական խնդիրը…: