Օգոստոս 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Կրթասիրաց «Սարգիս Չեմպէրճեան» երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Սուրիոյ գաւառական ժողովի անդամ Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ դպրոցէն ներս երկար տարիներ հոգաբարձութեան կազմի անդամ եւ ներկայիս Երեւանի մէջ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ՝ Ալեքասան Գարատանայեանը :
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը, մասնաւորապէս Հալէպէն վերջերս ժամանած Պրն. Անդրանիկ Պօղոսեանը` արժեւորելով Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի պահպանութեան ուղղուած անոր ազգանպաստ գործունէութիւնը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Սիրիայում այդ դժուարին պայմաններում դպրոցը պահելով` իսկապէս հերոսութիւն էք անում: Ի հարկէ, ձեր անվտանգութիւնը ամէն ինչից վեր է, բայց համայնքը պահելը, սերունդ կրթելը շատ կարեւոր է: Հպարտ եմ, որ այսպիսի մարդիկ կան, որ ապրում են Հայրենիքը, ազգը սիրելով ու նրանց ծառայելով»:
Անդրանիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքի խօսքերուն համար: Անդրադառնալով սուրիահայութեան խնդիրներուն` ան ընդգծեց. «Ձեր խօսքը մեզի համար շատ ծանրակշիռ է: Ամենամօտիկը Դուք էք, որ մշտապէս կապի մէջ էք մեզի հետ եւ Ձեզի կ’ապաւինինք: Ինծի համար ազգային եւ մարդկային պարտականութիւն է դպրոցի դռները բաց պահելը: Ուրախ եմ, որ կրնամ մեր փոքրիկներուն հոգ տանելով` օգտակար ըլլալ ոչ միայն ուսումնական, այլեւ առօրեայ հարցերուն մէջ: Ուրախ եմ, որ կրնամ պարտականութիւնս կատարել»:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, հայ համայնքի խնդիրներուն ու յետագայ քայլերուն առընչուող հարցեր: