Կիւմրիի ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի N զօրամասի մէջ, Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց՝ 2015 Յունուար 12-ին Կիւմրիի մէջ Աւետիսեան ընտանիքի 7 անդամներու սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալերի Փերմիաքովի դատավճիռը:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի դատաւոր Յարութիւն Մովսիսեան հրապարակեց, որ դատարանը համադրելով ձեռք բերուած ապացոյցները՝ անոնց համակցութեամբ հաստատուած կը համարէ, որ ան կատարած է իրեն յառաջադրուած մեղադրանքներով նախատեսուած արարքները:
Դատարանը անոր ցմաh ազատազրկման դատապարտեց` համակցելով նաեւ 175-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ եւ 4-րդ կէտերով ու 34-329-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած պատժաչափերը` համապատասխանաբար 12 տարի ազատազրկում: