Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ), 19 Օգոստոսին Հայաստանի իշխանութիւններուն փոխանցած են փոփոխութեան ենթարկուած Ընտրական օրէնսգիրքի վերաբերեալ իրենց երկրորդ միացեալ կարծիքը:
Փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի մէջ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն ծագած է՝ Դեկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու լոյսին տակ:
«Հակառակ անոր, որ ընտրական համակարգը ամբողջովին նոր է, բարեփոխումները կ’առնըչուին այնպիսի կարեւոր հարցերու, ինչպէս ընտրողներու ցանկերու ճշգրտութիւնը, որ նախապէս ալ շեշտուած է ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ի եւ Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկներուն մէջ:
«Կարեւոր է, որ 25 Մայիս 2016-ին նոր Ընտրական օրէնսգիրքի ընդունումը տեղի ունեցած է զգալի մեծամասնութեամբ, անոր յաջորդած է իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու միջեւ համաձայնութիւնը` ընդլայնելու ժողովրդավարական ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ նախապայմանները (տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան 2016-ի աշնան, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017-ի գարնան):
«Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները եւս կառուցողական կերպով ներգրաւուած են բանակցութիւններուն մէջ` հակառակ անոր, որ ի վերջոյ չեն ստորագրած վերջնական համաձայնագիրը: Անիկա ստեղծած է հիմք, որպէսզի խորհրդարանը 30 Յունիսին ընդունի Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնք մասնաւորաբար կ’առընչուէին ընտրական հոլովոյթի վերահսկման մէջ նոր արհեստագիտութեան միջոցներու ներդրման` այն պայմանով, որ ապահովուի համապատասխան ֆինանսաւորումը:
«Այս փոփոխութիւնները կրնան նկատուիլ իբրեւ նոր ընտրական համակարգի եւ ընթացակարգերու նկատմամբ՝ հանրային վստահութեան բարձրացումը աւելցնելու միջոցներ: Այս իրավիճակը ցոյց կու տայ ինչպէս իշխող մեծամասնութեան, այնպէս ալ ընդդիմութեան կառուցողական մօտեցումը, որ կրնայ խթանել նոր Ընտրական օրէնսգիրքի կենսագործումը:
«Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են փոխզիջումային այս ոգիին եւ կ՛ուզեն, որ անիկա տիրէ նաեւ Ընտրական օրէնսգիրքի իրականացման եւ 2016-ի աշնան նոր Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ընտրութեան ատեն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ: