Երկար սպասումներէ ետք, տրուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի տարեկան մեծ բանակումին ազդանշանը: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի այս տարուան բանակավայրին հասցէն Քըրնէյիլ գիւղն էր:
Նախքան սկաուտական խումբերուն ժամանումը, խմբապետական կազմը եւ բարձրագոյն խմբակը, Ուրբաթ, 29 Յուլիսին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն բանակավայր մեկնելով կատարեցին պարտականութիւններու դասաւորում եւ սկսան բանակավայրի նախապատրաստութեան աշխատանքներուն:
Բանակավայրին դիրքը լեռնային ըլլալու պատճառով, հեզասահ չընթացան կազմակերպչական աշխատանքները: Սակայն շնորհիւ մեր տղոց եւ աղջիկներուն վճռականութեան, դժուարութիւնները յաղթահարուեցան: Քանի մը օրերու ընթացքին դասաւորուեցաւ լուսաւորութիւնը, ջուրի մատակարարումը, գիշերելու կացարանը, բանակավայրին մաքրութիւնը,սահմանագիծերուն ճշդումը:
31 Յուլիսին բանակավայրը արդէն պատրաստ էր դիմաւորելու իր այցելուները: Յաջորդող քսան օրերուն, Սկաուտական Շարժումի բոլոր խումբերը հերթաբար կազմակերպեցին իրենց բանակումը:
Ինչպէ՞ս կրնանք ամփոփել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի 2016 տարեշրջանի բանակումը եւ խարուկահանդէսը: Բանակավայր այցելողները պիտի չունենան երկար մտածելու անհրաժեշտութիւն: Ընդամէնը երկու բառ բաւարար պիտի ըլլայ խտացնելու տարուան մը աշխատանքին գնահատականը՝ հաւատք եւ նուիրում: Հաւատք, մեր մեծ միութեան, նուիրում՝ անոր ազգային եւ մարդասիրական պատգամներուն:
Մեր Սկաուտական Շարժումի անդամ-անդամուհիները, սկսելով Թիթեռներէն մինչեւ Երէցները, մէկ սիրտ, մէկ հոգի դարձած, արժանավայելօրէն կազմակերպեցին ՀԲԸՄ՝110, ՀԵԸ՝ 85 եւ ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումի 80-ամեակներուն զուգադիպող այս տարուան աւանդական բանակումը եւ խարուկահանդէսը:
Նախքան խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն եւ շքանշաններու (Badges ) տուչութիւն: Արենուշները, Գայլիկները, Արծուիկները եւ Սկաուտները հերթաբար կատարեցին իրենց երդումը եւ ստացան համապատասխան շքանշաններ եւ «ֆուլար»ներ:
Հետզհետէ կը մօտենար խարուկահանդէսին պահը: Հիւրեր եւ հարիւրաւոր միութենականներ,կը սպասէին խարուկահանդէսը, որոնց մէջ՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, անդամներ՝ Յակոբ Թելվիզեան, Արա Տաքեսեան, Վաչէ Մելքոնեան,Արթօ Գունտաքճեան, Պօղոս Վանլեան, Շահան Սեմերճեան,ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի եւ Լիբանանի Արենուշական Ֆետերասիոնի նախագահուհի տիկին Լենա Իւրնեշլեան – Քարակէօզեան, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ Կի Մարգարեան, ՀԲԸՄ-ի Գործադիր Տնօրէն Անիթա Լիպիար,Քըրնէյիլի քաղաքապետ հարիւրապետ Մըրուան Աաուար եւ անդամներ, բանակավայրը սիրայօժարօրէն տրամադրող Պասսամ Սայիտ, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ-ի Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումի ատենապետուհի Մայտա Քիւրեճեան եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմիններու անդամներ, Ծնողաց եւ այլ վարչութիւններու, սկաուտական շարժումի անդամներ, ծնողք եւ միութենականներ:
Բանակավայրին բոլոր անկիւններուն վրայ կը ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշներ: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Երէցները եւ Քառավելները կը դիմաւորէին օրուան հիւրերը:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին հնչիւններուն զուգահեռ, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները վեր պարզած, մեր Թիթեռները, Արծուիկները, Գայլիկները, Արենուշները, Սկաուտները, Քառավելները եւ Երէցները տողանցելով մուտք գործեցին բանակավայր: Յոտնկայս, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց Արենուշներու փոխխմբապետուհի Անժելիքա Այվազեանը: Ան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքին ցուցաբերած յարատեւ հոգատարութեան, դրուատելով բանակումին յաջողութեան մէջ անոնց դերակատարութիւնը: « Ձեր յոգնութիւնը ի զուր պիտի չերթայ: Մեր հոգին եւ միութեան հանդէպ սէրը կը պարտինք Ձեզի»,- ըսաւ ան, աւելցնելով՝ «ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի բանակումը եւ խարուկահանդէսը կը խորհրդանշեն կեանքի չորս տարրերը՝հող, կրակ, ջուր եւ օդ: Վերոյիշեալ չորս տարրերը կը կարօտին հինգերորդի մը՝ համերաշխութեան, որպէսզի խաղաղութեան մէջ գոյատեւէ մեր աշխարհը»:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քէշիշեան (հայերէն եւ արաբերէն լեզուով) նշեց,թէ խարուկահանդէսը կը զուգադիպի ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան՝110-րդ եւ ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան՝ 85-րդ ամեակներուն, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի Սկաուտական Շարժումի հիմնադրութեան 80-ամեակին: «Սիրելի սկաուտներ, դուք ժպիտով պայքարեցաք բնութեան դժուար պայմաններուն դէմ, միշտ յիշելով եւ հաւատարիմ մնալով սկաուտական պատուիրաններուն, քաջ գիտնալով, որ իւրաքանչիւր փոթորիկէ ետք, արեւ մը կը յայտնուի բնութեան հորիզոնին վրայ: Ձեր նուիրումով եւ յամառ կամքով յաղթահարեցիք այդ բոլոր դժուարութիւնները: Վարձքերնիդ կատար»,- ըսաւ ան, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Քըրնէյիլի քաղաքապետին եւ հողատիրոջ բանակումի վայրը սիրայօժար տրամադրելու առիթով:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան (հայերէն եւ արաբերէն լեզուով) իր խօսքին մէջ ըսաւ.«Հարիւր եւ տասը տարիներ առաջ հայ ժողովուրդին ծառայելու յանձնառութեամբ հիմնուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Գահիրէի մէջ ծնաւ եւ անմիջապէս ծիլեր արձակեց սփիւռքահայ գաղութներու մէջ, բառին իսկական առումով դարձաւ համահայկական, բոլորանուէր միութիւն եւ իր հովանիին տակ վերցուց Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը:
Այսօր, իր հիմնադրութենէն 85 տարիներ ետք, մեր սկաուտական,մշակութային, մարզական եւ երիտասարդական շարժումներուն ծաւալած գործունէութիւնը կու գայ ապացուցելու, թէ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը յանձնառու կը մնայ հայ անհատին ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեան: Մեր երիտասարդութեան մօտ օրըստօրէ կը բարգաւաճի եւ կը զարգանայ տիպար ՀԵԸ-ականի դաստիարակութիւնը:
Այս բոլորը բնականաբար կը պարտինք, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տեսլապաշտ եւ հեռատես ղեկավարներուն կառչած՝ Միութիւնը զօրութիւն է նշանաբանին: Մեր միասնականութեան եւ հաւաքական ուժին կը պարտինք երէկուան նուաճումները եւ վաղուան իրագործումները, որուն համար, այսօր՝ այս խարուկահանդէսին առիթով, բոլորս միատեղ, անգամ մը եւս կը վերանորոգենք «Միութիւնը Զօրութիւն է» նշանաբանին անշեղօրէն ծառայելու մեր ուխտը:
Մենք կը հաւատանք միասնական աշխատանքին, որովհետեւ այդպէս մեզի սորվեցուցած են մեր երախտաւորները: Երկար է ազգային ծառայութեան մեր առաքելութիւնը եւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ ունինք մեր առջեւ: Լաւատես կը մնանք ապագայի հանդէպ եւ կ’ապաւինինք իւրաքանչիւրիդ լիաբուռն մասնակցութեան:
Տարուան մը տքնաջան աշխատանքէն ետք, տարեկան բանակումի փակման եւ խարուկահանդէսի այս արարողութիւնը բերքահաւաքի հանդիսաւոր պահն է ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումին համար: Ինչպէս գիտէք, այս տարուան մեր զոյգ խարուկահանդէսները կը զուգադիպին Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Սկաուտական Շարժումի հիմնադրութեան 80-ամեակին:
Մեր միութեան մշակութային, մարզական եւ երիտասարդական գործունէութեանց կողքին, Սկաուտական Շարժումը դարձաւ մեր մեծ կազմակերպութեան դարբնոցը : ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի այսօրուան ղեկավարութիւնը, սկսելով ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն մինչեւ մերօրեայ Լիբանանի ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը, իր միութենական մկրտութիւնը ստացած է ՀԵԸ-ի Սկաուտական Շարժումի աւազանին մէջ»,- յայտնեց Վիգէն Չերչեան եւ ՀԵԸ-ի Սկաուտական Շարժումի 80-ամեակին առիթով մէկ առ մէկ շնորհաւորեց ՀԵԸ-ի բոլոր հին եւ նոր անդամները, Սկաուտական Շարժումի բոլոր կազմերը, Վեթերան Սկաուտներու Համախմբումի անդամները,խմբապետ, խմբապետուհիները, խմբապետական կազմի անդամները, որոնք տարի մը ամբողջ, նոր գիտելիքներով հարստացուցին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումը, սկսելով Թիթեռներէն, հասնելով Երէցներուն եւ Քառավելներուն:
Ան, յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմնի ատենապետ Գրիգոր Քէշիշեանին եւ անոր գլխաւորած վարչութեան անդամներուն, որոնք ջանք եւ ճիգ չխնայեցին յաջողութեամբ պսակելու այս տարուան մեծ բանակումը:
Վիգէն Չերչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին՝ ՀԵԸ-ի հանդէպ անվերապահ նեցուկին եւ աջակցութեան համար:
Ապա, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, Քըրնէյիլի քաղաքապետ Մըրուան Աաուար, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քէշիշեան, ՀԵԸ –ի Գրասենեակի տնօրէն Գէորգ Սանթուրեան, որ եղած է ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Շարժումի Սկաուտական առաջին խմբապետը, միասնաբար վառեցին խարուկահանդէսին կրակը: Խանդավառ էր մթնոլորտը, բոլորը՝ ուրախ:
Այս առիթով գործադրութեան դրուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումին կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը: Յայտագիրին մասնակցեցան սկաուտական բոլոր խումբերը: Իրար յաջորդեցին, պարեր, կենդանի պատկերներ, «սքեչ»ներ, նուագ, որոնք արժանացան ներկաներուն բուռն ծափահարութեան: Ներկաները, մեծ պաստառի վրայ հետեւեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի անցող տարուան գործունէութիւնը արտացոլացնող տեսաերիզին, որուն աւարտին ունկնդրեցին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ ՀԵԸ-ի Վարիչ տնօրէնին բարեմաղթութիւնները: Խանդավառուելով այս ուրախ մթնոլորտէն տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Բանակավայրի ամբողջ տարածութեան վրայ կը ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշներ: Խանդավառութիւնը եւ տօնական օրուան մը պարգեւող ուրախութիւնը ակնյայտ էր ամենուրէք: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումին տարեկան բանակումը եւ խարուկահանդէսը վերջ գտաւ ազգային, հարենասիրական երգերով, պարերով եւ խմբերգներով:
Կեցցէներ Վեր, Նոր Կեանքի Ջահակիր ՀԵԸ-ին:
ՀԵԸ ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ