Հայրենիք կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեան, այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն, հանդիպում ունենալով դեսպան Ժան Մաաքարոնի հետ:
Հայրենիքի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ մըն էր՝ քննարկելու Հայաստան հաստատուած լիբանանահայերու թէ արաբ լիբանանցիներու Հայաստանի մէջ տարած գործունէութիւններն ու անոնց կարեւոր ներդրումը Հայրենիքի տնտեսութեան մէջ: Այս իմաստով Պրն. Դեսպանը օրհնութիւն համարեց Միտըլ Իսթ օդանաւային ընկերութեան կանոնաւոր թռիչքները՝ Պէյրութն ու Երեւանը կամրջելով զիրար:
Հաճելի էր լսել լիբանանցիներու յաջողութիւններուն մասին Հայրենիքի մէջ, որ քաջալեր պէտք է հանդիսանայ շատերուն:
Դեսպանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութեան մասին:
Ընկեր Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Մաաքարոնին՝ երկու մշակոյթները իրար կապելու իր ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ շատ կարեւորեց Լիբանանի դիւանագիտական կարեւոր ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ:
Այս առիթով Պրն. Դեսպանը շահեկան հարցազրոյց մը շնորհեց «Զարթօնք»ին, որ լոյս պիտի տեսնէ Յառաջիկայ Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Զարթօնք»ի յաւելուածին մէջ:
ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Դիւան