Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ո՞վ Պիտի Ըլլայ

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Հրապարակուող թերթերը, ամսաթերթերը, գիրքերը եւ այլն ունին մէկ նպատակ՝ առինքնել ընթերցողը, ուստի հոգ կը տարուի անոր ծաւալին, կողքի նկարին, առաւելագոյնս յարմարցնելու նպատակին, իրենց խորագիրովն իսկ. եթէ գիրք է, նկարներով գրաւիչ. եթէ առեւտրական ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ՝ նոյնպէս եւ աւելի՛ օգտագործելով նաեւ իգական սեռի բարեմասնութիւնները:

Գիրքերու խորագիրները ընդհանրապէս կու տան պարունակութեան միտք բանին, սակայն երբեմն այնպէս կը թուի, թէ միտումնաւոր շեղումներ գոյութիւն կ’ունենան. օրինակ՝ «Ի՞նչ ըրած է կրօնը մարդկութեան»:

Կրօնը ի՞նչ պիտի ընէ, ի՞նչ կրնայ ընել. կրօնը կայծակ չէ, որ երկինքէն իյնայ ու հրդեհէ անտառ մը կամ մարզադաշտի մը մէջ մահ պատճառէ. կրօնը ա՛յն է ինչ մարդիկ զայն կը վերածեն, կեդրոնական անձը մարդն է, ինչ կրօնի ալ պատկանի. եւ մի՞թէ կայ կրօն մը, որ բաժանումներ եւ ենթաբաժանումներ չունենար՝ ինչպէս կուսակցութիւններ կամ երբեմն պետութիւն եւ ժողովուրդ, ու անկէ՛ քաղաքացիական պատերազմ:

Մոռնալու բան չէ երբ դպրոցական օրերուս դասընկերներէս մին ըսաւ. «Զարմանալի են ամերիկեան թերթերը: Ձիու մը մահը առաջին էջին վրայ կը գրեն իսկ վերջին էջին մէկ անկիւնը՝ երկիրի մը մէջ պատահած մեծ ոճիր մը…»: Այս մէկը ծանուցումի արուեստին կը վերաբերի ի հարկէ: Գուցէ ձիուն տէրը միլիառատէր մըն էր…։

Բայց ամբողջական ըլլալու համար, երբեմն խորագիր գտնելն ալ գրութեան չափ ժամանակ եւ ճշգրտութիւն կը պահանջէ ու քանի որ Պրն. Վահէ Վահեանի տարեդարձն է, յիշեմ իրմէ դրուագ մը: Երբ գրութիւններս իրեն ներկայացուցի, հարցուց խորագիրներու բացակայութան մասին. ըսի «դժուար է». համաձայնեցաւ գլխու շարժումով ալ…:

Վերջերս ալ կարդացի «Ռուսիա եւ Թուրքիա կը մեկուսացնեն Հայաստանը» յօդուածը, ուր առարկայականօրէն բացատրուած է եղածը, թէ Ռուսիա տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ ու ի հարկէ ըստ այնմ պիտի շարժի՝ յարաբերութիւններ սերտացնելով շրջանի երկիրներուն հետ, որ իր եւ ամէն ազատ ու ինքնիշխան երկիրի իրաւունքն է՝ բարելաւելու ինքզինք եւ առ այդ կատարուող դաշինքներով ու համաձայնութիւններով Հայաստան ինքնաբերաբար կը «մեկուսանայ»…։ Սակայն ի՛ր՝ Հայաստանի ալ իրաւունքն է իր շահերու հետապնդումը, քայլեր  առնել, սակայն եկուր տես, որ ցաւը հինէն է… ինքնութիւն ունենալ եւ զայն պահել. ամէն ինչ իր գինն ունի: Վաղուց երբ բարեկամներու հետ կը խօսէի, ըսի.- Նայեցէ՛ք Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին, ան գերեզման է…։

«Հայ ենք մենք եղբայրներ հայ ենք մենք» երգելն ուրիշ է, զայն պահելն ու պահպանելը ուրիշ: Եւ մենք ուրոյնութիւն մը ունինք մեր անմիջական շրջանին մէջ. եւ փարած ենք անոր-

Կը պատկանինք արիական ցեղին եւ կրօնով ալ իւրայատուկ՝ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ… եւ այլ ներքին ցաւ մը, անզօր ենք կարենալ տնօրինելու մենք մեզ ամբողջութեամբ ու արդիւնքը յայտնի է՝ գաղթ, դժգոհութիւն եւ… նորագոյն պոռթկում՝ «Սասնայ Ծռեր» անուամբ: Երկփեղկուած ենք, ո՛չ ունինք ընդարձակ տարածութիւն, ո՛չ բնակչութեան ակնառու թուաքանակ, ո՛չ ալ սեւ ոսկի, որով կարենանք հին հռոմէական, ապա բրիտանական, արդէն դասական դարձած գործարքը. «Բաժնէ որ տիրես»… ինչ որ յօդուածագիրին միտք բանին էր, տրուած է իբրեւ լուծում:

«Ռուսիան հանելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, ատով իսկ կանխելով Ազրպէյճանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հնարաւոր համաձայնութիւնը Արցախեան հակամարտութեան հարցով»: (Յարութ Սասունեան)

Երանի՜, երանի՜, երանի՜…։

Յիշել կարելի է մուկերու եւ կատուի վիզէն զանգ անցընելու պատմուածքը… Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԶԱՆԳԸ ԱՆՑԸՆՈՂԸ»…։

«Մեր բախտ ան է որ
Կերտենք մեր բախտը
Եւ… անով ենք մենք միայն բախտաւոր»:  (Ս. Արմէն)

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին