Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հայ Հոգեւոր Երաժշտութեան «Շարական» Փառատօնը` Տաթեւի Վանական Համալիրին ՄԷջ

Հայ հոգեւոր երաժշտութեան «Շարական» փառատօնը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 14-16 Տաթեւի վանական համալիրին մէջ:

«Շարական» փառատօնի նպատակն է պահպանել եւ խթանել հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը: «Շարական» փառատօնը ամենամեայ փառատօն է, որ շարունակաբար պիտի զարգացնէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան կարեւորութեան գաղափարը եւ ազդեցութիւնը ընդհանրապէս, կ’ըսուի փառատօնի կազմակերպիչներու հաղորդագրութեան մէջ:

Փառատօնը հայ երաժիշտներուն եւ հետաքրքրուած հանդիսատեսին պիտի տրամադրէ հարթակ մը` այս հարուստ եւ բազմաբովանդակ երաժշտութեան ու արուեստին աւելի խորը ծանօթանալու համար:

Փառատօնի կազմակերպիչներն են Music of Armenia–ն եւ «Տաթեւի վերածնունդ» հիմնադրամը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին